Փաշինեանի Կառավարութիւնը Պետական Դրամաշնորհներ Պարգեւած Է Գաղտնի Որոշումներով
- (0)

Ինչպէս կը հաղորդէ OC Media-ն, Փաշինեանի կառավարութիւնը գաղտնի որոշումներով աւելի քան 207 միլիոն դրամ (մօտաւորապէս 515 հազար տոլար) տրամադրած է Երեւանի մէջ գործող գիտական հաստատութեան մը՝ միաժամանակ անոր յատկացնելով երկարաժամկէտ, անվճար օգտագործման սեփականութիւն մը մայրաքաղաքին մէջ։
2020-2025 տարիներուն ընթացքին Աշոտ Յովհաննիսեանի Մարդկային Հետազօտութիւններու Հիմնարկը տարեկան դրամաշնորհներ ստացած է քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու աջակցութեան համար նախատեսուած պետական ծրագրի շրջանակին մէջ։ Կառավարական որոշումները գաղտնի պահուած են եւ միայն հոկտեմբեր ամսուան վերջաւորութեան բացայայտուած՝ լրատուամիջոցներու պահանջով։
Ըստ CivilNet-ին ներկայացուցած փաստաթուղթերուն՝ կառավարութիւնը գաղտնիութիւնը արդարացուցած է «զգայուն հարցերու շտապ ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութեամբ», որ կապուած էր Հայաստանի քաղաքական վիճակին հետ՝ 2018-ի իշխանափոխութենէն եւ 2020-ի պատերազմէն ետք։ Դրամաշնորհները տրամադրուած են առանց մրցոյթի՝ չնայած պետական կանոններուն, որոնք կը պարտադրեն, որ քաղաքացիական դրամաշնորհները տրամադրուին բաց մրցոյթներով։
Բացի դրամական աջակցութենէն, հիմնարկը 2021-ին ստացած է 348 քառակուսի մետր մակերեսով պետական սեփականութիւն մը՝ կեդրոնական Երեւանի մէջ, 15 տարուան համար եւ ամբողջովին անվճար։ Վարչապետի գրասենեակը յետագային յայտարարեց, որ գաղտնիութիւնը վերացուած է, քանի որ ուսումնասիրութեան «շտապութիւնը նուազած էր»՝ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ Ուաշինկթընի մէջ 8 Օգոստոսի համաձայնութենէն ետք։
Հիմնարկը հիմնադրուած է մշակութաբան Վարդան Ազատեանի կողմէ, որ ներկայիս կը վարէ Գեղարուեստի Պետական Ակադեմիայի տնօրէնի պաշտօնը եւ 2025-ի Յունուարէն անդամ է Հայաստանի կառավարութեան նշանակած Հանրային Խորհուրդին։ Ազատեան իր նախորդ հրատարակութիւններուն մէջ գոված է 2018-ի «յեղափոխութիւն»ը, իսկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2024-ին հրապարակային կերպով յղում կատարած է «մեր գործընկեր կազմակերպութիւններէն մէկուն հետ իրականացուած հետազօտութեան»՝ որ լայնօրէն հասկցուած է թէ ան կ՚ակնարկէ վերոնշեալ հիմնարկին մասին։ Նոյն տարին, հիմնարկը նաեւ համագործակցած է Փաշինեանի տիկնոջ Աննա Հակոբեանին հետ՝ հանրային կրթական նախաձեռնութեան մը շրջագիծին մէջ։
Ընդդիմադիր ուժեր, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութիւններ իրաւամբ կը պնդեն, որ պետական միջոցներով այս աջակցութիւնը հարցեր կը յարուցէ իշխանութեան կողմնակից կառոյցներու նկատմամբ արտօնեալ վերաբերմունքի առումով։ Transparency International Armenia-ն մատնանշած է, որ մրցութային ընթացակարգերու շրջանցումը կը հակասէ 2003-ի կառավարական կարգադրութեան մը՝ դրամաշնորհներու վերաբերեալ։
Կառավարութիւնը մինչեւ այժմ չէ պարզաբանած, թէ ինչու այս ծրագիրները նկատուած են «զգայուն» կամ ի՛նչ քաղաքական որոշումներ հիմնուած են անոնց վրայ։ Հիմնարկը իր ընկերային ցանցերուն մէջ յայտարարած է, որ իր ամբողջ աշխատանքը բաց եւ հասանելի է հանրութեան, եւ միայն կառավարութիւնը ունի գաղտնիութեան պատճառներուն վերաբերեալ տեղեկութիւն։ Անոնք աւելցուցած են, որ իրենց ուսումնասիրութիւնները նպատակ ունեցած են «հաստատութենական կառուցումի եւ յեղափոխութենէն ետք վերափոխման» գործընթացներուն աջակցիլ։
Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները առանցքային դեր ունեցած են Հայաստանի 2018-էն ետք քաղաքական զարգացման մէջ, սակայն քննադատներ կը նշեն, որ կառավարութիւնը աստիճանաբար ձեւաւորած է «նախընտրելի գործընկերներու» ցանց մը։ Կառավարութիւնը կը հերքէ կողմնակալութեան բոլոր պնդումները՝ շեշտելով, որ իր բարեփոխումները ուղղուած են «թափանցիկութեան եւ պատասխանատուութեան» ամրապնդման՝ բան մը, որ լուրջ կասկածի յառաջացուցած է հասարակութեան լայն շրջանակներու մօտ։
Գլխաւոր Դատախազութեան գրասենեակը առայժմ չէ մեկնաբանած դրամաշնորհներու վերանայման անհրաժեշտութեան մասին։ CivilNet-ը հաղորդած է, որ իրենց կողմէ պաշտօնական հարցումներ ուղարկուած են կառավարութեան եւ դատախազութեան։