ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Երկրորդ Տարին Ըլլալով Լիբանանի Պասքեթպոլի Ախոյեան
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական չորրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ Մայիս 19-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երբ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատին` իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան:
ՀՄԸՄ, որ այս չորրորդ մրցումը սկսաւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը յաղթանակի մը պէտք ունէր` տիտղոսը պահելու համար:
Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները, գերազանց մրցում մը կատարելով եւ մրցակից կազմը իրենց ամբողջական տիրապետութեան տակ առնելով, տարին փառաւոր յաղթանակ մը` 89-56 արդիւնքով (22-12, 44-24, 69-36 եւ 89-56):
Մրցումին տեւողութեան, ՀՄԸՄ յաջողեցաւ նոյնիսկ մինչեւ 37 կէտի ալ բարձրացնել տարբերութիւնը (79-42):
Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին
Այտա Պախոս (10 կէտ, 4 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ֆէյ Փրենս (2 կէտ), Մեղրի Թորոսեան (9 կէտ, 3 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Լէյլա Ֆարես (5 կէտ, 4 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Մակի Զաքարեան (2 կէտ, 3 թրի փոյնթ), Թաքլա Քամել (1 կէտ), Ֆարահ Հարաքէ (3 կէտ, 1 թրի փոյնթ), Կինթարէ Փեթրոնիթէ (20 կէտ, 13 ռիպաունտ, 8 էսիսթ, 1 թրի փոյնթ), Սանտրա Նաժըմ (6 կէտ, 4 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Քաթերին Հաժ (4 կէտ) եւ Էյնճըլ Մաքքաֆթրի (27 կէտ, 7 ռիպաունտ, 11 էսիսթ, 7 սթիլ, 1 թրի փոյնթ):
Նշենք, որ այս մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ մրցումին աւարտին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիայի հետ միասին ախոյեանութեան բաժակը յանձնեց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջկանց խումբին:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ Անթիլիասի եւ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը այս իրագործումին համար` յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով: