Շուտով լոյս պիտի տեսնէ Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակներու հատորը
Թամար Սնապեան-Սուրճեան
Շուտով՝ տարին չաւարտած, լոյս պիտի տեսնէ Հ․Յ․Դաշնակցութեան խիղճը համարուող Սիմոն Զաւարեանի անտիպ նամակներու հատորը, որ կու գայ լրացնելու Քրիստափորի եւ Ռոստոմի անտիպ նամակներու հրատարակութեան շարքը։
Մամուլի տակ գտնուող եւ Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի հրատարակչական աշխատանքներէն հանդիսացող այս հատորին մասին դեռ անդրադարձ կը կատարուի, սակայն մեր յաջորդ գործը արդէն իսկ ընթացք առած է, շնորհիւ բոլորէն սիրուած ու յարգուած վաստակաշատ պատմաբան եւ այս տիտանական հատորներուն խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեանի։
Ահա կը թեւակոխենք մեր համատեղ աշխատանքի 19-րդ տարին։ Ընդհանրապէս չեմ անդրադառնար առօրեայ գործերուս մասին, որ ձեռագիրներու, եւ շատ անգամ բարդ ու հանելուկային ձեռագիրներու հետ շփումն է, սակայն անծայրածիր գիտելիքներու եւ նորանոր բացայայտումներու շտեմարան մըն է հաստատ։ Մէկ խօսքով՝ իւրաքանչիւր օր նոր բան մը սորված տուն կը վերադառնամ, անհունօրէն գոհունակ սրտով։ Այս հատորները բարձի գիրք չեն կրնար ըլլալ անշուշտ, եւ միայն քիչեր կը կարդան զանոնք, սակայն ապագայ գիտահետազօտողներու եւ պատմաբաններու հսկայական աղբիւր են անկասկած եւ այդ իսկ պատճառով՝ խիստ անհրաժեշտ։
Մեր յաջորդ՝ նախապատրաստութեան հանգրուանին գտնուող հատորը, այս անգամ պիտի յատկացուի եղերաբախտ գրող, ազգային գործիչ Ռուբէն Զարդարեանի (Ասլան ծածկանունով) նամակներուն։
Ռուբէն Զարդարեանի գրական վաստակը ծանօթ է բոլորին, սակայն այստեղ ան կը ներկայանայ իբրեւ Խարբերդի կոմիտէի գործօն անդամ։ Ուշագրաւ է, որ այս նամակները իրենց պարունակած տեղեկութիւններէն անդին գրական երանգ մը ունին, եւ այդ հանգամանքը ինծի համար շատ հաճելի է։
Հարուստ բառապաշարով, գեղեցիկ ու սահուն ոճով նամակներ, մանաւանդ սկզբնական շրջանին գրուածները, որոնցմէ ոմանք «Դրօշակ»ի մէջ ալ լոյս տեսած են։ Ըսեմ, որ Զարդարեանի ձեռագիրը ընթեռնելի է. վարժ ըլլալով հանդերձ, ինքս երբեմն ստիպուած եղայ բառարանի օգնութեան դիմելու, կամ հարցնելու, վստահ ըլլալու համար թէ արդեօ՞ք ձեռագիրը ճիշդ կը կարդա՞մ, թէ ոչ։
Ձեզի հետ կը բաժնեմ քանի մը բառեր, որոնք շատ հաւանաբար դատապարտուած են բառարաններու մէջ մնալու։
Ահաւասիկ․
Ջայլ – ողբ, լացուկոծ
Ընչացք – պեխ
Գելարան – մամուլ, տանջանքի գործիք
Գրիւ – ընդեղէն կշռելու հին չափ (այս մէկը այլեւս չի գործածուիր վստահաբար․․․)։
Ուրեմն ինչպէս չափսոսալ ներհուն մտաւորական, իր կարգին սերունդներ դաստիարակած Ռուբէն Զարդարեանին, որ զոհ գնաց 1915-ի Ցեղասպանութեան․․․ Արդեօք ի՞նչ կ՚ըլլար հայ գրականութեան եւ պատմագրութեան ճակատագիրը․․․
* * *
Սպասենք այս գողտրիկ հատորին, որ անգամ մը եւս պիտի գայ թարմացնելու մեր յիշողութիւնն ու հարստացնելու մեր գրադարանը։
Ուժ ու կորով, երկար ու առողջ օրեր կը մաղթեմ ղեկավարիս՝ Երուանդ Փամպուքեանին։
Comments are closed.