ՀՄԸՄ-Կամքի կրտսերները Մոնթրէալի կողովագնդակի մրցաշարքի ախոյեան
Շաբաթ, 22 Ապրիլ 2017-ին, ՀՄԸՄ–Կամքի Մոնթրէալի կողովագնդակի տղոց կրտսերներու (14-15 տարեկան) խումբը, որ 8 յաղթանակ եւ 0 պարտութիւն արձանագրած էր, այս տարեշրջանին ախոյեանական խաղը աւարտեց 53-46 յաղթանակով՝ EB-Training-ի դէմ: Այս յաղթանակով ՀՄԸՄ–ը առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ Մոնթրէալի YBL-ի (Youth Basketball League) առաջնութեան:
Ախոյեան խումբի անդամներն են Ժան–Փիէռ Արճեան, Անդրանիկ Թիւթիւնճեան, Գէորգ Սապպա, Յարութ Քանդակեան, Ճոնի Գարամանլեան, Հրակ Աճէմեան, Շիրազ Սուլթանեան, Տիգրան Խանոյեան, իսկ մարզիչներն են Ճորճ Ճապրայեան եւ Կարօ Մանուկ:
Խաղի ընթացքին դրական մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն ծնողներուն եւ համակիրներուն քաջալերանքներն ու խրախուսական կանչերը, որոնց արդիւնքով մեր հերոսները կրցան գնդակի արագ փոխանցումներով եւ Ժոնի Գարամանլեանի իւրայատուկ խոհեմութեամբ գնդակը հասցնել սակառին:
Շնորհիւ մեր տղոց ներդաշնակ խաղարկութեան՝ բուռն մրցակցութենէ ետք խաղը աւարտեցաւ 53- 46 արդիւնքով՝ ի նպաստ ՀՄԸՄ-Կամքի:
Նշենք նաեւ, որ Ժան–Փիէռ Արճեանը իր օրինակելի կեցուածքին առ ի գնահատանք ստացաւ Լաւագոյն մարզիկի MVP տիտղոսը. Ժան–Փիէռը այս տարեշրջանին ապահոված էր 17.4 միջին.