Իշխանութիւնները Կը Շարունակեն Իրենց՝ «Ինչ Ուզում Ենք Այն Էլ Բանակցում Ենք» Քաղաքականութիւնը. Արթուր Խաչատրեան
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ԽՄԲԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍ
3 Հոկտեմբերին, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեան եւ Արթուր Խաչատրեան ունեցան մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անոնք ամփոփեցին խորհրդարանական շաբաթը եւ պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:
Արթուր Խաչատրեան դիտել տուաւ, որ ակնյայտ է, թէ այս իշխանութիւնները կը շարունակեն իրենց՝ «ինչ ուզում ենք այն էլ բանակցում ենք» քաղաքականութիւնը, միայն թէ ըլլայ թուղթի կտոր մը, որուն վրայ գրուած ըլլայ՝ «խաղաղութիւն»: Ըստ անոր՝ այդքանով հանդերձ, պայմանագիրին մէջ եղածները ժողովուրդէն գաղտնի կը պահեն:
«Իրենց ողջ բանակցային գործընթացը բերեց Արցախի շուրջ բանակցութիւնների վիժեցմանը, պատերազմի, հիմա էլ իրենք են խոստովանում, որ հնարաւոր է՝ վաղն էլ սկսուի պատերազմը, COP29-ը հէնց վերջանայ՝ շատ ռէալ (իրական) է այդ ամէնը», ըսաւ Խաչատրեան:
Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճան հետզհետէ կը լկտիանայ, մինչդեռ Հայաստանի մէջ կ՛ըսեն, որ օրինական հիմք կը ստեղծեն:
Խաչատրեան յիշեցուց, որ Ատրպէյճանի նախագահը օր մը առաջ պահանջեց, որ Հայաստան պատասխան տայ 3067 անհետ կորսուածներուն համար, յանցաւորները պատժէ եւ դարձեալ Հայաստանը մեղադրեց վրէժխնդրութեան մէջ: «Բանակցային գործընթացի ժամանակ կողմերը ներկայացնում են իրենց տեսակետները եւ բարի կամքով ձգտում են հասնել ինչ-որ հանգուցալուծման: Այս դէպքում կայ Ադրբեջանի կողմից պահանջ, հրահանգ եւ այս իշխանութիւնները մաս-մաս, մէկիկ-մէկիկ ընդունում են եւ գալիս են ժողովրդին փորձում են բացատրել, որ դա իր լաւագոյն շահերից է բխում», ըսաւ Խաչատրեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ մտահոգութիւն ունի՞ն, որ վրէժխնդրութեան բացառումը եւ ատրպէյճանցիներու վերաբնակեցման հարցերը, որոնց մասին պարբերաբար կը խօսի Ատրպէյճան, դարձուցա՞ծ է խաղաղութեան պայմանագիրուն մէջ ձեւակերպուած պահանջ՝ Խաչատրեան ըսաւ. «Ադրբեջանը ծանր պահանջներ է դրել ու դրանք կարող են վերաբերել նաեւ ռեւանշիզիմին (վրէժխնդրութեան): Օրինակ, Վազգէն Սարգսեանի փողոցի առկայութիւնը Երեւանի կենտրոնում ռեւանշիզմի դրսեւորում է: Բացարձակապէս չեմ բացառում: Այդպես է, ինչքան զիջում ես, թշնամին այդքան առաջ է գալիս: Մեզանից որեւէ մէկը չէր կարող պատկերացնել, որ յանկարծ Ադրբեջանը կարող է 2024 թուականի Հոկտեմբերի 1ին ասի, որ Հայաստանը պէտք է պատժի պատերազմի հերոսներին»:
Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ Ազգային ժողովի քառօրեան, որ վերածուեցաւ միօրեայի, ըստ էութեան, անգամ մը եւս բացայայտեց ի լուր բոլորին, թէ ինչպէս քաղաքական մեծամասնութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, Ալէն Սիմոնեանի եւ այլ առաջատար ՔՊականներու աշխոյժ մասնակցութեամբ կ՛ուրանայ Արցախը, կ՛ուրանայ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները:
Ան դիմեց արցախահայերուն, որ անպայման ներգրաւուին այս աշխատանքներուն մէջ, ապա հրաւիրեց Արցախի Հանրապետութեան օրենսդիր եւ գործադիր մարմիններու գործընկերները այն հանդիպումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան ընկերային-տնտեսական եւ իրաւական հարցերու շուրջ:
«Մենք կը կարողանանք բոլոր այդ հարցերը բարձրաձայնել, ներկայացնել թէ՛ օրէնսդրական պահանջներ, թէ՛ դատական հայցեր եւ թէ հարցապնդումներ: Այսինքն, կը փորձենք նպաստել, որ այս հարցերը լուծուին ի հեճուկս քաղաքական մեծամասնութեան՝ հակաարցախեան, հակահայկական, հակապետական վարքագծի»ջ, նշեց Մինասեան:
Ժատասխան տալով այն հարցումին, որ տեղեա՞կ են արդեօք, թէ «Սրբազան պայքար»ի առաջնորդ Բագրատ սրբազան նախկին նախագահներուն հետ հանդիպումին ի՛նչ քննարկած է եւ ի՛նչ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է՝ Մինասեան ըսաւ. «Որեւէ այլ մօտեցում, ստուերային պայմանաւորուածութիւն փնտռելը, կարծում եմ՝ ճիշդ չէ»: Ան նշեց, որ նախկին նախագահներուն հետ հանդիպումը նախաձեռնած է Բագրատ սրբազանը, եւ կողմերը կրնան խօսիլ այդ մասին:
«Սրբազանը երէկ ներկայացրեց իր մօտեցումները եւ իր ազատութիւնն այդ առումով: Սրբազանն ասաց, որ հանդիպում է շատ շատերի հետ եւ որեւէ արտառոց բան այստեղ չկայ», ըսաւ Մինասեան՝ աւելցնելով. «Բագրատ սրբազանի գլխաւորած շարժումը 2020թ. սկսուած պայքարի տրամաբանական շարունակութիւնն է եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնն աջակցում է այս շարժմանը: Մեր նպատակը գործող իշխանութեան հրաժարականն է»:
Comments are closed.