Մոնթրէալի մէջ կայացաւ ​Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 66/23-րդ ժողովը

​Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական 66/23-րդ ժողովը գումարուեցաւ 12-13 Մայիս 2023-ին, Մոնթրէալի մէջ։ Ժողովին կը մասնակցէին Թեմիս բոլոր եկեղեցիներու Ազգային Երեսփոխաններն ու Հոգաբարձութեանց ներկայացուցիչները։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ժողովիս յղած օրհնագիրը, եւ առ այդ յառաջիկայ տարուան գործունէութեան համար որդեգրեց հետեւեալ առաջնահերթութիւնները.-
Նկատի ունենալով գանատահայ մատղաշ սերունդի հոգեւոր կարիքները՝ կեդրոնանալ քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրներու վրայ, յատկապէս Կիրակնօրեայ Դպրոցներուն տրամադրելով նոր դասագիրքեր։
Կազմակերպել մանկապատանեկան Աստուածաշնչական ճամբարներ եւ քաջալերել երիտասարդ ընտանիքները որ մասնակից դառնան նման ծրագիրներու եւ իրենց օճախներուն մէջ ներկայութիւն դառձնեն հայ-քրիստոնեայ արժէքները։
Սարկաւագներու եւ դպիրներու համար կազմակերպել յատուկ աշխատանոցներ, պատրաստելու զանոնք հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ ծառայութեան համար։
«Սփիւռքի Տարի» հռչակման Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին սրբատառ Բ. կոնդակին ընդառաջ՝ նշանակել յանձնախումբ մը մասնագէտ ազգայիններով, որոնք աշխատանք պիտի տանին, որոնելու նոր ձեւեր այս օրուան մարտահրաւէրներու լոյսին տակ։
Ժողովս, յատուկ շեշտ դրաւ Կաթողիկոսութիւն-Թեմ գործակցութեան եւ վերահաստատեց իր ուխտն ու յանձնառութիւնը դարաւոր Սուրբ Աթոռին՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։
Ժողովս յատուկ կերպով անդրադարձաւ Արցախի այսօրուան տագնապին, տիրող ճգնաժամին եւ վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդի գոյատեւման, Արցախի անվտանգութեան ու անկախութեան առընչութեամբ։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ 2023

Comments are closed.