Առաջնորդներու ժողով Գանատայի մէջ

Հինգշաբթի, 4 Մայիսին, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, Գանատայի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ․ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, եւ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպիսկոպոս, Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ի հետեւումն իրենց որոշումին հերթական ժողով մը գումարեցին։
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ երեք Թեմակալ Առաջնորդները միատեղ ու միասին քննարկեն հայ ժողովուրդի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Թեմերն ու ազգային կեանքը յուզող կէտերու մասին:
Անոնք անդրադարձան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Թեմերու հովուապետական այցելութեան եւ վերջնականօրէն հաստատեցին ժամանակացոյցը:
Առաջնորդ Հայրերը անգամ մը եւս յոյս յայտնեցին, որ Վեհափառ Հայրապետի հովուապետական այցելութիւնը պիտի սատարէ երեք շրջաններու հայութեան հաւատքի նորոգութեան, ազգային ինքնութեան նորօրեայ արժեւորման եւ հոգեւոր ու մշակութային կեանքի յաւելեալ ծաղկումին:
Սրբազան Հայրերը զեկոյցներ լսեցին քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան թեմերէն ներս իրագործուող աշխատանքներու մասին եւ քննարկեցին, թէ ինչպէս կարելի է փոխանակել եւ օգտուիլ այդ աշխատանքներէն։ Անոնք երեք Թեմերու Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքներու վարիչներու միացեալ հանդիպում մը յանձնարարեցին, թափ տալու դաստիարակչական ու հրատարակչական միջ-թեմական ծրագիրներու:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը վերահաստատեցին իրենց որոշումը պարբերաբար ունենալ նման հանդիպում-ժողովներ՝ միացեալ աշխատանքներ յառաջ տանելու եւ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը վերարժեւորելու հայ կեանքին մէջ ի փառս Աստուծոյ։
ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒ

Comments are closed.