Էվա Հայրապետեան պարգեւատրուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» ազգային-մշակութային շքանշանով

Շաբաթ, 25 Մարտ 2023-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի տնօրինումով, Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան ներկայ գտուեցաւ Համազգայինի «Սանահին» Մասնաճիւղի կազմակերպած մեծարանքի երեկոյին, ի պատիւ մասնաճիւղի «Անի» պարախումբի երկար տարիներու պարուսոյց՝ Տիկին Էվա Հայրապետեանին։

Հանդիսութեան ընթացքին, Հայր Սուրբը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր խօսքը եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» ազգային-մշակութային շքանշանը՝ Տիկին Էվա Հայրապետեանին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.