Անմոռանալի Բանակումը

Ո՞վ -13 աստիճանին բանակում ընել կ՚երազէ։ Ըստ երեւոյթին՝ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտներն ու խմբապետները։ Փետրուար 24-էն 26, մեր երազը իրականացաւ երբ 150 սկաուտներով ուղղուեցանք դէպի մեր հարազատ բանակավայրը։ Սկաուտ խորհուրդը ստանձնած էր ճաշի պատրաստութեան պարտականութիւնը եւ ամբողջ շաբաթավերջին մեզի լաւապէս կերակրեց։ Տակաւին յստակօրէն կը յիշեմ խարոյկին շուրջ նստած մեր վիճակը՝ տաքնալ կը փորձէինք կրակին կայծերուն մօտենալով։ Մեր մատները շատոնց անզգայացած՝ մեր մարմնի բոլոր արիւնը մեր ձայնի լարերուն քով հաւաքուած էր, մեզ արտօնելով սրտանց երգել ամբողջ գիշերը։ Առաւել եւս, սկաուտական կանչերու ընկերակցելով անդադար կը պարէինք կրակին շուրջը։ Այդ սառնամանիք օդը կ՚երեւի մեր որոշում առնելու կարողութեան վրայ ազդեց, որովհետեւ եթէ լաւ մտածես, ո՞ր  խելացին կը նախընտրէ իր տաքուկ տունը ձգել ու ձմեռնային բանակումի ելլել։

Յատուկ մտայնութիւն կը պահանջէ այս օդին հանդէպ խիզախ կեցուածք ունենալը, մտայնութիւն մը որ սկաուտներուն մէջ կ՚ամրապնդուի բանակումներու ընթացքին։ Բանակումը բոլորին կը յիշեցնէ թէ սկաուտը վտանգի դիմաց կը զօրանայ, վախի դիմաց կը գօտեպնդուի, ու երբեք չի նահանջեր։ Յատուկ փորձառութիւն է այսպիսի խիզախ ՀՄԸՄ-ականներու հետ բանակումի բարձրանալ։ ՀՄԸՄ-ի տարբեր մասնաճիւղներու բանակումները, բոլորը ունին ընդհանուր յատկութիւններ։ Նախ՝ առիթ են նման հետաքրքրութիւններ ունեցող հայորդիներու հետ երկարատեւ բարեկամութիւններու հիմը դնելու։ Միայն բանակումներուն պատահող հետաքրքրական դէպքերու, պարագաներու ու հարցերու ընթացքին է որ սեղմ կապեր կը հաստատուին՝ յոգնութեան ու ցաւերուն ենթակայ սկաուտներուն միջեւ։ Նաեւ, լաւագոյն միջոցն են անմոռանալի յիշատակներ կազմելու հայ գաղութի այլ զաւակներու հետ։ Մանաւանդ, հիանալի առիթ են բնութեան հետ շաղուելու՝ ըլլայ ան չարքաշ մարզանքներով, հետախուզական արշաւներով ու այլ գործունէութիւններով։

Բանակումները յատկապէս հաճելի են խմբապետներու համար։ Առիթ են բարելաւելու մեր տաղանդները՝ ծրագիր մշակելու, խումբ վարելու ու դասախօսութիւն ներկայացնելու։ Նաեւ, բանակումները մեզի կ՚արտօնեն ծանօթանալու հարիւրաւոր երիտասարդ սկաուտներու եւ վերյիշելու ու նոյնիսկ վերապրելու մեր մանկութիւնը։ Այս բոլորին կողքին, բանակումը լաւագոյն առիթն է լաւ օրինակ դառնալու մեզմէ սորվող հայորդիներու համար։ Բանակումի ընթացքին կրնանք երիտասարդ սկաուտներուն գաղափարները ու ծրագիրները քաջալերել եւ իրենց մեծ քոյր ու եղբայները դառնալ։ Առաւել եւս, կրնանք իրենց տպաւորել որ կարողութիւնը ունին ամեն բան իրականացնելու ու հասնելու նոյնիսկ անհասանելի բարձրունքները։

Մի քանի օր սկաուտներուն հետ անցնելով կրնանք շատ մեծ ազդեցութիւն ունենալ հայութեան յաջորդ սերունդի դաստիարակման ու կերտման վրայ։ Կրնանք լաւագոյն սերմերը ցանել հետագայ ազգասէր, նուիրեալ ու իմաստուն հայորդիները կերտելու, հայորդիներ, որոնք հաւատարիմ պիտի ըլլան Աստուծոյ, հայրենիքին ու իրենց ծնողքին, բարիք պիտի գործեն ամէն օր, եւ ապրին որպէս իրենց պարտականութեան գիտակից արի եւ վեհանձն մարդիկ, միշտ հաւատարիմ մնալով հայ սկաուտի դաւանանքին։ Այսպիսով՝ կը ծառայենք այն միութեան որ մեր մանկութեան հիմնաքարերէն մէկը եղած է, արդարացնելով ՀՄԸՄ-ի «Բարձրացիր, Բարձրացուր» նշանաբանը։

Բանակումները մասնաւորաբար բեմ կը հանդիսանան շատ մը կեանքի դասերու։ Այս ձմեռնային բանակումին բոլորս տպաւորուեցանք որ թէեւ խօսքերով է որ սկաուտը կը սորվի կեանքի դասեր, փորձառութեամբ է որ անոր միտքը կը ձեւաւորուրի ու կ՚իմաստաւորուի։ Իսկ այս բանակումը առիթ տուաւ այդ հանգրուանին իրականացման մեր արենոյշ խումբին համար։ Բանակումի տարբեր տեսակի աշխատանքներու ու ծրագիրներու ընթացքին, սկաուտները սորվեցան խօսելէն առաջ մտածելու կարեւորութիւնը, ուրիշներուն առաջնորդելու, ու ինքզինքին վստահելով՝ ինքնափոխ գործեր ձեռնարկելու։ Նաեւ տիրապետեցին խմբապետներուն փոխանցած գիտութեանը ու իրենց նոր ընծայած գիտելիքները սկսան օգտագործել։ Վերջապէս, իրար ծառայելով ու բաժնեկցելով իրենց ունեցածները իրենց քոյր-եղբայրներուն պէտքերը հոգալու համար, սկաուտները դարձան տիպար օրինակներ ՀՄԸՄ-ի ընդհանուր ընտանիքին համար։

Բանակումին վերջաւորութեան՝ սկաուտները վերադարձան իրենց հանգիստ տուները, երազելով յաջորդ բանակումին թուականին մասին։ Այսպիսի գիտութեան ծարաւ ու ծառայասէր սկաուտներով՝ պայծառ ապագայ կը սպասէ ՀՄԸՄ-ին, հայութեան, ու համայն մարդկութեան։

Լոռի Պէրպէրեան

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.