Սուրբ եւ անմահ պատարագ Ուինիփէկի «Ս. Վարդան» Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ համայնքին համար
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի տնօրինումով, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեան, եկեղեցական առաքելութեամբ մեկնեցաւ Ուինիփէկ:
Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2022-ին, Հայր Սուրբը, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, որուն երգեցողութիւնը կատարեցին Սարմէն Կիսասարկաւագ եւ Տիկին Դալար Պօղոսեանները, իսկ Ս. խորանին սպասարկեց՝ Բարեշնորհ Սարօ Սարկաւագ Պօղոսեան:
Իր քարոզին մէջ, Հայր Սուրբը առաջին հերթին Ուինիփէկի համայնքին փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւններն ու բարեմաղթութիւնները, ապա անդրադարձաւ օրուան աւետարանական ընթերցումէն բղխող խորհուրդին։
Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ նոր Միւռոնով ջրօրհնէք եւ աւարտին հայ մանուկի մը միւռոնադրոշմ մկրտութիւնը։