Ցեղասպանութիւնը Ճանչցած Նոր Հարաւային Կալեսի Երեսփոխանները Կ՛արհամարհեն Թուրքիոյ Սպառնալիքը


Վարչապետ Պերի Օ՛Ֆերըլ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Կալեսի վարչապետ Պերի Օ՛Ֆերըլ արհամարհանքով պատասխանած է Թուրքիոյ այն սպառնալիքին, որ հասցէագրուած էր աւստրալիացի այն պատգամաւորներուն, որոնք ճանչցած են Հայկական Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Սպառնալիքը կ՛առնչուէր պատգամաւորներուն 2015ին Թուրքիոյ Կալիփոլի (Չանագգալէ) քաղաքին մէջ կայանալիք արարողութեանց մասնակցելու իրաւունք չտալու հարցին: Նշեալ արարողութիւնները նուիրուած են նոյն քաղաքին մէջ համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն տեղի ունեցած ճակատագրական ճակատամարտի հարիւրամեակին եւ պիտի իրականանան  Աւստրալիոյ եւ Նիւ Զելանտայի զինուորական ուժերու՝ ANZAC-ի (The Australian and New Zealand Army Corps) նախաձեռնութեամբ:
Աւստրալիական «Էյ.Պի.Սի.» կայանին պատրաստած հաղորդումին մէջ, Նոր Հարաւային Կալեսի մօտ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Կիւլսերեն Չելիք Չորեքշաբթի, Օգոստոս 21ին յայտարարած էր, թէ Հայկական  Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը ընդունած վարչապետ Օ՛Ֆերըլն ու Նոր Հարաւային Կալեսի պատգամաւորները Թուրքիա մուտքի արտօնութիւն պիտի չստանան Կալիփոլիի արարողութեանց մասնակցելու համար:
Նոր Հարաւային Կալես նահանգի վարչապետը, պատասխանելով այս սպառնալիքին՝ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան սպառնալիքը կը յիշեցնէ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին աւստրալիացի զինուորներուն ազատութեան համար պայքարն ու հերոսութիւնը:
«Ի՛նչ սարսափելի սպառնալիք գլխաւոր հիւպատոսին կողմէ՝ ուղղուած ազատութիւններու դէմ, որուն համար կռուած են Կալիփոլիի մէջ», «Օսթրելիըն» թերթին ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ ոգեկոչման արարողութեան կը նախընտրէ տեսնել Կալիփոլիի վեթերաններու ժառանգորդները, աւելի քան քաղաքական գործիչները:
Օգոստոս 21ին, աւստրալիական «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրած էր վաւերագրական ֆիլմ մը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, զուգահեռներ գծելով անոր եւ Կալիփոլիի պատերազմին միջեւ, որուն զոհերուն յիշատակը ամէն տարի կը նշուի եւ հազարաւոր աւստրալիացիներ ուխտագնացութիւն կը կատարեն դէպի Կալիփոլի՝ յարգանքի տուրք մատուցելու սպաննուած զինուորներու յիշատակին:
«Անոնք համակարգուած կերպով պարզապէս բնաջնջած են ժողովուրդը՝ համայնք առ համայնք, գիւղ առ գիւղ: Հետաքրքրական է, որ երբ Ատոլֆ Հիթլեր կը ծրագրէր հրեաներու ցեղասպանութիւնը, ան ըսած էր. «Մի անհանգստանաք. հիմա ո՞վ կը յիշէ հայերուն ջարդը», հաղորդումին ժամանակ ըսած է Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող բանաձեւի հեղինակ Ֆրետերիք Նայլը:
Նոր Հարաւային Կալեսի խորհրդարանի զոյգ պալատները Մայիսին վաւերացուցին Օսմանեան կայսրութեան մէջ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները ճանչցող եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը վերահաստատող բանաձեւ մը:
«Ես սրտի կաթուած պիտի չունենամ, եթէ չկարենամ Կալիփոլի երթալ, բայց կը կարծեմ, որ առնուազն անազնիւ է ընդհանուր արգելք կիրառել Նոր Հարաւային Կալես նահանգի խորհրդարանի բոլոր անդամներուն դէմ», սպառնալիքին պատասխանած է Ֆրետ Նայլ:
Աւստրալիական կայանին պատրաստած ֆիլմին մէջ ելոյթ ունեցած է նաեւ յայտնի ցեղասպանագէտ Քոլին Թաց, որ հաստատած է. «Կան աշխարհի տարբեր վայրերէ հաւաքուած վճռորոշ գիտական ապացոյցներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ 1915-1922 թուականներուն, հայերու, յոյներու եւ ասորիներու դէմ քայլերը ցեղասպանութիւն էին»:
Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնած է պատկերասփիւռի ընկերութեան, այս հաղորդումը պատրաստելուն եւ պատմական փաստերը դարձեալ լուսարձակի տակ դնելուն համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.