Թորոնթոյի մէջ ինքնաշարժներով երթ՝ դատապարտելու Ազրպէյճանի յարձակումները
Մեր ինքնիշխանութիւնն ու լինելութիւնը կը գտնուին լրջագոյն սպառնալիքներու դիմաց։ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական ոտնձգութիւնները կ’ահազանգեն, որ ազգովին մեր միասնական ուժը վերաիմաստաւորելու հրամայականին տակ կը գտնուինք: Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը կը սպառնայ մեր պետականութեան անվտանգութեան՝ նո՛ր պատերազմով մը։ Սակայն աշխարհը լուռ է դարձեալ, ինչպէս լուռ մնաց 44օրեայ պատերազմին:
Այս օրհասական հանգրուանին, Կիրակի 2 Հոկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 2ին, Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդը ինքնաշարժներով արշաւ կազմկերպեց, իրազեկելու համար Օնթարիոցիները որ անոնք իրենց կարգին մղեն Գանատայի կառավարութիւնը միջամտելու եւ դատապարտելու թշնամիին ոտնձգութիւնները:
Հարիւր ինքնաշարժներ, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշներով ծածկուած, հաւաքուեցան Հայ Երիտասարդական Կեդրոն, ուրկէ մեկնարկը տրուեցաւ ինաշարժերով երթին: 100 ինքնաշարժեր շրջեցան North York շրջանին մէջ, անցան Don Valley North շրջանի դաշնակցային երեսփոխան՝ Han Dongի գրասենեակէն։
Գանատական Global News հեռուստաընկերութիւնը ներկայ էր արշաւին: Անոնք զրոյց մը ունեցան Հայ Կեդրոնի Նախագահ՝ Վահան Աճէմեանի հետ: «Համայնքի զօրակցութիւնը բացառիկ էր. կը սպասենք, որ ընտրուած քաղաքական մեր պաշտօնատարները եւ Գանատայի Կառավարութիւնը աւելի վճռական կեցուածք որդեգրեն: Հայաստանը փխրուն ու նոր ժողովրդավար երկիր է, պէտք է զօրակցինք երբ դրացի վայրագ բռնապետութիւն մը կը ներխուժէ ինքնիշխան երկիր մը: Իբր Գանատացիներ, այս մէկը անընդունելի է մեզի համար», յայտնեց Աճէմեան:
Նշենք, որ Ազրպէյճանի յարձակումները դատապարտելու պահանջով նամակներ պիտի յանձուին հետեւեալ դաշնակցային երեսփոխաններուն՝ Han Dong, Jean Yip, Mary Ng, Paul Chiang, Michael Coteau, Eli ehsassi:
Այսպէս, Օնաթրոյի Հայկական Միացեալ Խորհուրդը վերահաստատեց որ իր ներուժը ի սպաս պիտի դնէ մեր հայրենիքի գոյատեւումին եւ որ պատրաստ է զօրաշարժի որեւէ վայրկեանի։