«Աշխարհին Հայեացքը Դէպի Ուքրանիա՝ Ատրպէյճանը Լիովին Կ’օգտուի». Պարոնուհի Գոքս

Բրիտանիոյ Լորտերու պալատի անդամ Պարոնուհի Քարոլայն Գոքս, 20 Մարտ 2022-ին, Մեծն Բրիտանիոյ  խորհրդարանի անդամներուն յատուկ «The House» հարթակին վրայ յօդուած մը հրապարակած է, անդրադառնալով Ուքրանիոյ պատերազմին եւ Արցախի ճակատագրին:

«Աշխարհին Հայեացքը Դէպի Ուքրանիա՝ Ատրպէյճանը Լիովին կ’օգտուի» վերնագրով յօդուածը ըստ էութեան զգօնութեան կոչ մըն է հանուր մարդկութեան, ուր հեղինակը նախ եւ առաջ կը ներկայացնէ արցախեան գոյապայքարի պատմականը՝ իր անձնական (ականատեսի) փորձառութեան ընդմէջէն, կը շօշափէ «Մոռցուած Առանձնատարածք» Արցախի հակամարտութեան դրոյթները՝ 1920 թուականէն ցայսօր, մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ այնտեղ գործադրուած պատերազմական ու մարդկային ոճիրները, եւ աւարտին,  կանխասացութիւն մը կը կատարէ մօտալուտ ցեղասպանութեան մը հաւանականութեան վերաբերեալ:

Իր յօդուածին մէջ Պարոնուհի Գոքս կը գրէ.- «Ռուսական զօրքերու Ուքրանիա ներխուժումէն ետք, այժմ լայն ու շօշափելի մտավախութիւն կայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի զինադադարը չպահպանուի։ Յաճախ կը կրկնուի, որ «Արցախը  նախազգուշութեան բարձր մակարդակի մէջ է». Այս հինաւուրց հայկական առանձնատարածքը հնարաւոր է մէկընդմիշտ կորսուի։ Մինչ աշխարհի հայեացքն ուղղուած է դէպի Արևելեան Եւրոպա, Ատրպէյճանը լիովին կ’օգտուի Հարաւային Կովկասի մէջ»:

Եզրափակելով յօդուածը, Պարոնուհին կը շեշտէ, որ Ատրպէյճանը այս պայմաններուն մէջ յաղթական դուրս պիտի գայ, որովհետեւ ամէն օր զեկոյցներ կը ստանայ Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ ելոյթներուն մասին, թէ ինչպէս ազերիները բարձրախօսերով կը հրահանգեն հայ գիւղացիներուն լքել իրենց տուները: Կանայք և երեխաներ արդէն իսկ կը տարհանուին Մարտունիի Կարմիր Շուկայ ու  Խնուշինակ գիւղերէն, ինչպէս նաեւ Ասկերանի Խրամորթ գիւղէն, ուր ատրպէյճանական ուժերը կը շարունակեն զինատեսակներ ու մարդուժ կուտակել: Աւելին, Ատրպէյճանը Մարտ ամսու սկզբէն իսկ դադրեցուցած է  բնական կազի մատակարարումը, եւ աւելի քան 15000 քաղաքացի զրկուած են ջեռուցումէ։ Կազի խողովակաշարի վերանորոգութիւնը անկարելի կը թուի ըլլալ, քանի որ ատրպէյճանական ուժերը կը սպառնան սպասարկող աշխատողներուն: Ատրպէյճանը կ’արգիլէ նաև Լաչինի մարդասիրական միջանցքի գործածութիւնը, միաժամանակ ձգտելով ստիպել Հայաստանին  յաւելեալ զիջումներու երթալ։

Աւարտին, Պարոնուհի Գոքս զգօնութեան հրաւիրելով կը շեշտէ, որ Ռուսիոյ առաջնահերթութիւնները ակնյայտօրէն ուրիշ տեղ են: 2000 ռուս խաղաղապահներ 2020 թուականէն ի վեր յաջողած էին կանխել մեծ արիւնահեղութիւնը, սակայն անոնք դժուար թէ յաջողին մեղմել լարուածութեան աճը: «Ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ Ռուսիոյ կարճաժամկէտ ներկայութիւնը երաշխաւորէ Արցախի երկարաժամկէտ անվտանգութիւնը։ Քաոսի ու անորոշութեան մէջ պիտի շահի Ատրպէյճանը… Արևմտեան կառավարութիւնները, ներառեալ Մեծն Բրիտանիան, անտարբեր են՝ մինչդեռ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կանգնած են իրենց պատմական հողերուն վրայ ցեղային զտումներու ենթարկուելու  վտանգին  ընդառաջ», կ’եզրայանգէ Պարոնուհին:

Նշենք, որ  Պարոնուհի Գոքս 87 անգամ այցելած է Արցախ: Արցախեան առաջին ազատամարտի օրերուն բազմիցս ելոյթ ունենալով Մեծն Բրիտանիոյ Լորտերու Պալատին մէջ՝ վկայած է Արցախի դէմ Պաքուի կողմէ գործադրուած յանցագործութիւններուն մասին, յատկապէս յատուկ զեկոյցով՝ Մարաղայի կոտորածին մասին։ Աւելին, Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին Պարոնուհի Գոքսը նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերած է շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան։

 

 

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.