ՀՄԸՄի Ղեկավարութեան Հետ Հանդիպման՝ Վարչապետը Շեշտեց ՀՅԴի Եւ Անոր Ուղեկից Միութեանց Հզօրացումը
Երեւանի մէջ 27 Յուլիսէն 3 Օգոստոս տեղի ունենալիք ՀամաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերուն առիթով Հայաստան գտնուող ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները 25 Յուլիսին այցելեցին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին։
Ողջունելով հիւրերը եւ կարեւոր նկատելով ՀՄԸՄին դերակատարութիւնը հայապահպանման աշխատանքներուն մէջ՝ վարչապետը նշեց, որ միշտ հաճելի է հանդիպիլ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան երիտասարդներուն հետ: «Համոզուած ենք, որ հայրենասիրական դաստիարակութեան ոգին պահպանելու եւ յառաջ մղելու գործը լաւագոյնս կը տանիք դուք: Կը հաւաստիացնենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի լաւագոյնս կարենաք այդ առաքելութիւնը իրականացնել», յայտնեց վարչապետը։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը վարչապետ Սարգսեանին ներկայացուց հանդիպման մասնակիցները եւ ընդգծեց, որ իրենց նպատակներէն է սփիւռքահայ երիտասարդները մղել հայրենիք այցելելու։ Ան տեղեկացուց, որ 28 Յուլիսին Ազատութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ 9րդ մարզախաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, աւելցնելով, որ անոնք պիտի տեւեն մէկ շաբաթ: Գ. Մկրտիչեան նաեւ յայտնեց, որ այս մարզախաղերուն կը մասնակցին Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն 651 մարզիկներ:
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Տիգրան Սարգսեանին՝ մարզախաղերու կազմակերպման օժանդակելու իմաստով ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար. իրողութիւն մը, որուն իրենք տարբեր առիթներով հանդիպած են։ Անոնք նաեւ խնդրեցին վարչապետին աջակցութիւնը՝ բանակավայրերու համար Հայաստանի կառավարութեան որոշմամբ տրամադրուած տարածքներու բարեկարգման եւ ընդլայնման հարցին գծով: Անոնք նաեւ բարձր գնահատեցին վարչապետին
յանձնարարութեամբ ստեղծուած միջնախարարական յանձնաժողովին կողմէ այս ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները:
Ընդգծելով ազգապահպանութեան առաքելութեան մէջ Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կուսակցութիւններուն նշանակալի դերը՝ կառավարութեան ղեկավարը կարեւոր նկատեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններուն ամուր ըլլալը, որովհետեւ անոնք իրենց ուսերուն կը կրեն մեծ առաքելութիւն: Ան դիտել տուաւ, որ իրենց փափաքն ու հետաքրքրութիւնն է, որ հայկական աւանդական կուսակցութիւնները միշտ զօրաւոր ըլլան, որովհետեւ անոնց տարած հայապահպան առաքելութիւնը այլընտրանք չունի: Աւարտին, Գ. Մկրտիչեան մարզախաղերու յատուկ յուշանուէրը յանձնեց վարչապետին։
Սփիւռքի նախարարին հետ հանդիպումին ընթացքին Հ. Յակոբեան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն հետ քննարկեց ՀամաՀՄԸՄական 9րդ մարզախաղերուն կազմակերպման առնչուող խնդիրներ, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ կարելի ըլլայ ամէն ինչ ընել՝ մեր մարզիկներն ու հիւրերը պատշաճ կերպով ընդունելու եւ մրցակցային հաւասար պայմաններ ապահովելու նպատակով: Հ. Յակոբեան այս ուղղութեամբ աշխատանքներուն մօտէնհետեւելու համար յառաջացուցած է յատուկ յանձնաժողով, որպէսզի Հայաստան ժամանող 651 մարզիկներն ու անոնց ընկերակցող հիւերը հեզասահ կերպով վայելեն մարզախաղերու բոլոր մանրամասնութիւնները։ Հ. Յակոբեան յատուկ կերպով անդրադարձաւ սուրիահայութեան առնչուող մանրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ սփիւռքի նախարարութեան զանազան ծրագիրներու մասին։ Ան շեշտեց, որ սփիւռքի նախարարութիւնը ստեղծուած է սփիւռքահայութեան համար ու իր բերկրանքը փոխանցեց, որ ՀՄԸՄ հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ կրկին հայրենիքի մէջ կը համախմբէ իր անդամները։
ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը շնորհակալական խօսք ըսաւ Հ. Յակոբեանին՝ անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար։ Ան նշեց, որ Հայաստան–Սփիւռք անքակտելի կապը միշտ ՀՄԸՄի առաջնահերթութիւններէն եղած է։ Գ. Մկրտիչեան շեշտեց, որ բոլոր մասնակիցները հայրենիքի սիրով աւելի ուռճացած պիտի վերադառնան իրենց երկիրները։ Ապա ան նախարարին նուիրեց ՀՄԸՄի կողմէ պատրաստած յուշանուէրը եւ յոյս յայտնեց, որ նման նախաձեռնութիւններն ու համահայկական հաւաքները ըլլան շատ արդիւնաւէտ եւ գործակցութիւնը ըլլայ շարունակական: