Խայտառակութիւն Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ


Ազգային ժողովին մէջ ընթացող «Իրաւունքի գերակայութեան եւրոպական չափորոշիչները եւ իշխանութիւններու հայեցողութեան սահմանները Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկրներու մէջ» թեմայով համաեւրոպական խորհրդաժողովի ժամանակ խայտառակ դէպք տեղի ունեցած է: Մոլտովիոյ խորհրդարանական փաստաբան Աուրելիայ Գրիգորիուն (նկարը) «Մարդու իրաւունքներու պահպանումը եւ պաշտպանութիւնը «սառեցուած հակամարտութիւններու» տարածքում» թեմայով զեկոյցին ժամանակ, անդրադառնալով ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտութեան, դատապարտելի յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ: Այս մասին կը հաղորդէ yerkir.am-ը:

Ան յայտարարած է, որ «Հայաստանը գրաւած է Ատրպէյճանի տարածքներուն 20 տոկոս` ատրպէյճանցիներու նկատմամբ իրականացնելով ցեղասպանութիւն», եւ որ«Խօջալուի ցեղասպանութիւնը իրականացուցած են հայերը, որ այլեւս միջազգայնօրէն ճանչցուած փաստ է»: Սոյն տիկինը մեր իսկ խորհրդարանին մէջ մեր երկիրը որակած է իբրեւ «նախայարձակ երկիր»:
Ուշագրաւ է, որ տիկնոջ ելոյթէն ետք խորհրդաժողովի մասնակիցներէն ոմանք ծափահարած են:

Ի պատասխան տիկնոջ ապատեղեկատուութեան, արտահերթ ելոյթով հանդէս եկած է ԱԺ փոխնախագահ Հերմինէ Նաղդալեան: Ան նախ կոչ ըրած է չօգտագործել խորհրդաժողովը եւ Հայաստանի խորհրդարանի ամբիոնը` սուտ տեղեկատուութիւն տարածելու համար, ապա յայտարարած. «Անընդունելի է, որ որոշ փաստաբաններ այս դահլիճում պատուերներ են իրականացնում: Ես չգիտեմ, թէ դուք ում պատուերն էք իրականացնում, յարգելի’ փաստաբաններ, բայց ձեր ելոյթները կարող էք ձայնագրել, որպէսզի ձեր պատուիրատուները ձեզ շնորհակալութիւն յայտնեն: Ես կարծում եմ, որ այստեղ ներկայ բարձրաստիճան հիւրերը պէտք է անպայման իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեն, որ գիտական կոնֆերանսը որոշ մարդիկ փորձում են վերածել անթոյլատրելի քննարկման: Այսպիսի հարցի շուրջ քննարկումներ տեղի են ունենում այնպիսի լսարանում, որտեղ կան մասնագէտներ, ովքեր տիրապետում են թեմային, իսկ յայտարարել, որ այստեղ կամ այնտեղ ցեղասպանութիւն է եղել, շատ նման է մեր հարեւանների կողմից ամէն օր հնչող միօրինակ յայտարարութիւններին: Ես համարում եմ, որ տիկին փաստաբանը պէտք է աւելի յստակ լինէր իր արտայայտութիւններում»:

Իր հերթին, Աուրելիա Գրիգորիուն յայտարարած է, որ իր ելոյթով ինք պարզապէս կը ցանկանար ընդգծել, որ բոլոր հակամարտութիւնները պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով: Ան նշած է, որ չի պատրաստուիր խորանալ հակամարտութեան մանրամասնութիւններուն մէջ, կ’ուզէ ուղղակի ըսել, որ անընդունելի է սառեցուած հակամարտութիւններու տարածքներին մէջ ոտնահարել մարդու իրաւունքները: Տիկինը յայտարարած է, որ պատուեր չի կատարեր, պարզապէս կը պայքարի մարդու իրաւունքներու համար:

Միջամտելով երկխօսութեան Լիթվիայի մարդու իրաւապաշտպանը յայտարարած է` ճիշտ կ’ըլլար, որ մոլտովացի փաստաբանը խօսէր Մոլտովիոյ սառեցուած հակամարտութեան մասին, այլ ոչ թէ անդրադառնար Ղարաբաղեան հակամարտութեան պատմութեան: Լիթվիայի ներկայացուցիչը նշած է, որ ասիկա այն տեղը չէ, ուր պէտք է քննարկուի այս հարցը, աւելին` ան պէտք չէ քննարկէ այնպիսի երկրի մը ներկայացուցիչ, որ որեւէ կապ չունի այս հիմնախնդրի հետ: Ան առաջարկած է դադրեցնել այս հարցի քննարկումը:

Նիստը նախագահող Դաւիթ Յարութիւնեան, այլեւս հնարաւորութիւն չտալով Մոլտովայի խորհրդարանի փաստաբանին արձագանգելու իր հասցէին հնչած դիտողութիւններուն, յորդորած է յարգանք ցուցաբերել եւ այսքանով սահմանափակուիլ:

Նշենք, որ ՍԴ նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան իր ամփոփիչ ելոյթին մէջ անդրադարձաւ այս խայտառակ միջադէպին, ու թէեւ ընդգծեց, որ երեւոյթները, ապատեղեկատուութիւն տարածող նման ելոյթները մեզի համար արդէն սովորական դարձած են, բայց ցաւ յայտնեց, որ դահլիճին մէջ եղան մարդիկ, որոնք ծափահարեցին այդ ելոյթին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.