Երազելով ապրիլը խաբկանք չէ, այլ՝ կենդանութեան վկայութիւն
1516
0
Հալէպի գաղթակայանը լուսանկարուած 1920 թուականին
Երազելը՝ հոգեկան խռովքի, վառ յիշատակներու եւ տենչանքի բախում է: Մեր մէջ անթեղուած զգացական աշխարհի, խռովայոյզ իղձերու, անմոռանալի պատկերներու եւ եղելութիւններու գումարումն է՝ արտացոլումը, որ երբեմն բերկրալի տրամադրութիւններով կը համակէ մեր էութիւնը, երբեմն ա՛լ բացասական հակամետութեամբ կը պարուրէ մեր ներաշխարհը: Երազելը մարդու էութեան մէկ բաժինն է, որ կ’օգնէ յիշողութեան թարմացման եւ իրական կեանքի հարցերուն լուծումներ որոնելու յուշարարի դեր կը կատարէ:
Պէտք է տարբերել մարդկային կեանքի երազներու հովիտի սահմանումը՝ պատրանքի, ցնորքի բնորոշումներէն: Երազելը անէութիւն չէ, այլ իղձերը կեանքի կոչելու, միս ու ոսկոր հագցնելու արդար նկրտում է: Մինչ պատրանքը՝ խաբկանք է եւ անապատի ցնորային երեւոյթ է, դատապարտուած ցնդելու եւ անհետ կորելու:
Ազգն ալ, որպէս առարկայական միաւոր, իր յիշողութեամբ եւ ուրոյն դիմագիծով, տենչող մարմին է: Իր կարգին ունի հաւաքական յիշողութիւն, հաւաքական իղձ, եւ որպէս շնչող ու զարգացող միաւոր, կ’ուրուագծէ իր երազներու իրականացման ճանապարհի քարտէսը: Ի տարբերութիւն մարդկային երազանքին, ազգի մը երազը՝ երկդիմի կամ բազմակերպ սահմանում կամ մեկնաբանութիւն չունի, այլ մէկ յստակ գերխնդիր, որուն համար դարեր կը պայքարի, որպէսզի կենդանի շունչ պարգեւէ այդ անհերքելի հասարակական ցանկութիւններուն: Վերջապէս կը կորին այն ազգերը, որոնց ձեռքէն կը խլուի երազելու իրաւունքը, կամ իրենք կամովին անձնատուր կ’ըլլան կեանքի յորձանուտին, իրենց արդար երազանքը գերեզմանելով պատմութեան յիշատակարանին անյատակ ջրհորին մէջ:
Այսպէս, պատանեկան մեր օրերուն երբ կը դաստիարակուէինք հաւաքական մեր յիշողութիւնը վառ պահելու դիտաւորութեամբ, ազգային գերխնդիրները կը ներկայացուէին որպէս իրականանալի երազ: Ցեղասպանութեան առթած ցաւը, միշտ առկայծ պահելու շեշտադրութեամբ՝ կը ջամբուէր ուղղակի եւ անուղղակի կրթութիւն, որուն առանցքը ազգային Մեծ երազը՝ գերխնդիրը, իրականացնելու միջոցներն էին: Այդ օրերուն գոյութիւն ունէր Սովետական Հայաստան, որ մեր հոգեմտաւոր թռիչքներուն համար, պիտի դառնար այն խարիսխը, ուրկէ մեկնած պիտի ուրուագծէինք անկախութեան ճանապարհը, ազատ ապրելու վիճակներու ձեռքբերումը մաքառելով՝ ի խնդիր Մեծ Երազի իրականացման:
Այդ ուրուագծումներուն մէջ կը պատկերացնէինք հայդուկային կռիւներով հայկական հարց լուծելու կարելիութիւններու մասին, հայկական հողերը ազատագրելու յենակէտեր որոնելով, օգտուելով անցեալի ֆետայական կեանքի երկիր անցնելու օրինակներէն: Այս գծով, մեր առաջ ունենալով ճանապարհներու քարտէզներ, անցման խարիսխներ, որոնք մեր խանդոտ հոգեմտաւոր աշխարհին սոսկ մըտքի մարզանքներ չէին, այլ ազգի կանչը, ժառանգը, կենդանի պահելու համեստ ինքնադաստիարակութեան փորձ: Այդ իրավիճակներուն մէջ չէինք քններ եւ վերլուծեր աշխարհաքաղաքական դրոյթներ կամ միջազգային իրերու հանգամանք։
Մեր եռանդը, ազգային սեւեռակէտը ու երիտասարդական սաւառնումը անքակտելիօրէն համատեղելու ճիգ մըն էր մեր էութեան մէջ, հաւատալով որ արտերկրի մէջ՝ այդ ձեւով կրնանք կենսագործել, պայքարելով «փառահեղ մօտալուտ արշալոյսի»ին համար: Մեր սերունդին համար անկախ Հայաստանը կը պատկերացնէինք ոչ շատ հեռո՜ւ, հորիզոնին վրայ պլպլացող եւ մեզի սպասող կանթեղ մը։ Մեզի համար ցնորք չէր այդ մէկը, ինչպէս կը կարծէին շատ մը հայորդիներ, որոնք Սովետական Հայաստանը միայն կենդանի տեսնելու բաւարարուածութեամբ կ’ընդունէին այդ հանգամանքը՝ որպէս ազգը միաւորող վերջնական հայրենի տարածքի վիճակ։ Սակայն որոշակի ազգային վառ երազներով խանդավառ հատուած մը բարձարացուց խրախուսիչ կենացներ, ապրեցնելով Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի տեսլականի մօտալուտ ըլլալու դրոյթը՝ մեր էութեան մէջ, որ չուշացաւ:
Այսօ՛ր եւս, այդ տեսլականը պէտք է դառնայ ազգային դաստիարակութեան մեկնակէտ, հաւաքական անսակարկելի տրամաբանութիւն, աւելի ճիշդը՝ հաւատամք: Արդի Հայաստանը մեր երազները բաւարարելու տարածք պէտք չէ ըլլայ։ Ա՛յս իմաստով պէտք է պատրաստել սերունդները, որոնց ամէն մէկ մասնիկը պիտի դառնայ սրբազան խենթ, մաքառող ո՛չ վնասազերծելի ուժանակ: Այս ամէնը զուգորդուած պէտք է ըլլայ նոր սերունդին մէջ՝ խարսխելով ազգային ինքնաճանաչողութիւն եւ առարկայական տուեալներով ապրելու ունակութիւն, առանց մոռնալու Մեծ Երազով տոգորուելու խինդը, լիանալով ու ձգտելով վեհին, մերժելով ազգին պարտադրուած անարդար որեւէ կացութիւն։
Պէտք է վանել ազգի կեանքէն համակերպումի եւ կեանքի յորձանուտին պարտուողակսն մօտեցումներով անձնատուր ըլլալու հոգեվիճակներն ու յուշարարութիւնները։ Ո՛չ ֆութպոլային քաղաքականութիւնը, ո՛չ բարի դրացիութեան անմեղ ձեւացող խօսոյթը, որ որպէս փափուկ բարձ կը փորձուի զետեղել մեր ազգային տենչանքները խամրեցնելու սին փորձով մը, առաւել՝ անձնատուութեան ամէն ճիգ, կրնան շիջանել մշտաբորբ հուրը՝ մեր ազգային «Հաւաքական Մեծ Երազին»:
Այս ճամբուն վրայ միշտ առկայծ պէտք է թնդան Մեծ բանաստեղծին հետեւեալ ոսկետառ տողերը.
«Ո՛չ, բաւական է, չպէտք է լռել, երազել քիչ է, պէտք է պայքարել…
Լոկ ցանկանալով հարցեր չեն լուծւում. ա՛յս է մեզ ասում կեանքը այժմեան.
Պէտք է պայքարել, պէտք է պայքարել եւ պէտք չէ սոսկալ մահից սեփական,
Մահուան գնով էլ պարտաւոր ենք մենք միացեալ տեսնել հողը հայկական»:
Լաբալիսեան ճշմարտութիւն է, որ երազը զուգորդուած պէտք է ըլլայ պայքարունակ ոգիով, կրանիտի կամքով: Այսօր, այս մէկուն ցայտուն վկայութիւնը կը ներկայացնէ սուրիահայութիւնը: Նօսրացած գաղութի մշակութային եւ տօնական օրերու ձեռնարկները ու վերաշինութեան բոլոր նախաձեռնութիւնները լոկ Սուրիոյ մէջ պատնէշի վրայ մնացողներուն հաշւոյն բարենիշ մը չէ, ինքնահաստատումի ճիգ մը չէ: Այլ իր շողարձակումները՝ հասցնելով համայն գաղթաշխարհ, իմա հայրենիք, իր վառ օրինակովը կը լիցքաւորէ հայութիւնը ու յուսատու կը դարձնէ մեր ազգային իրավիճակը։ Արդ, հալէպահայութեան վերապրելու եւ ընձուղուելու օրինակը մեզ կը պարտադրէ, որ ընդունինք՝ թէ որքա՜ն վիրաւոր ըլլանք եւ արիւնաքամ, ստեղծագործ ոգին ու պայքարունակ տենդը կը բաւեն, որ ժայթքեցնեն գեղեցիկը, զուլալը ու իրաւացին:
Չթերագնահատենք ձեռնարկներու ազդեցութիւնը, որոնք առկայծ կը պահեն հաւաքական մեր տենչը ու յուսատու արշալոյսին ջահը։ Անոնցմէ ամէն մէկը վերջնական յաղթանակի սալայատակին վրայ երկարող քար մըն է: Անոր հոգեբարոյական ազդեցութիւնը կը քաղենք տարիներ վերջ, երբ պիտի ծաղկի սերմնացանը եւ ուռճանայ մեր հաւաքական կարողականութիւնը։ Սուրիահայը ճարտարօրէն կ’արդարացնէ իրեն վերապահուած դերը: Ան վկան դարձած է ցեղասպանութեան ու անոր յաջորդող տարիներու իրողութեան ու պատուով կը տանի իր նախնիներու սըրբացուած անշիրիմ աճիւններուն արթուն պահակին դերը։
Հալէպի նօսրացած գաղութը տակաւին կը համենայ մնալ ազգի պերճանքը ու հպարտութիւնը: Ան ազգային երազները իրականացնելու ճամբուն վրայ ներկայացուած ամէնէն ցայտուն, ամէնէն խօսուն օրինակն է: Մթագնած ազգային կեանքի աղօտ երկնակամարին վրայ յոյս ներարկող խճանկար մըն է ։
Այս գաղութն է, որ կարողացաւ թիթեղաշէն գաղթակայանները վերածել առինքնող, հայակերտ կառոյցներու, յուսատու ապագայի կամուրջները երկարելով համայն գաղթաշխարհ:
Մեծ երազի իրականացումը պիտի կենսագործուի անպայմա՛ն: Այդ մէկը հողահաւաքով ու հայահաւաքով իրականանալի տենչ է, իսլամացուած հայերով, քրտացած հայերով, համշէնահայերով եւ տունդարձի պատրաստ հայորդիներու մեծ փաղանգով:
Բայց այս ամէնը իրականանալի են, եթէ մտահան չընենք, որ բոլոր ազգերը, որոնք մէկ ձեռքով բահը չեն բռնած, միւս ձեռքով զէնքը, ուշ կամ կանուխ պիտի կորսուին քարտէզի երեսէն ու դառնան մարդկութեան եւ ազգերու պատմութիւնը հետազօտողներուն առարկան միայն։
Թորոնթօ
Ժան Հալլաճեան