Կալեսի Անկլիքան Եկեղեցին Կը Ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը
1566
0
ՓԱՐԻԶ, «Նուվել տ՛Արմէնի».- Ըստ Կալեսի (Ուէյլզ) «The Western Mail» թերթին՝ Կալեսի Անկլիքան եկեղեցին ճանչցած է «Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք տեղի ունեցած առնուազն մէկ միլիոն հայերու ջարդը՝ իբրեւ 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն»:
Այս որոշումին շնորհիւ, Ապրիլ 24ը Կալեսի եկեղեցւոյ պաշտօնական օրացոյցին վրայ պիտի նշուի իբրեւ Հայկական Ցեղասպանութեան օր: