Լոռիի եւ Ջաւախքի օժանդակութեանց ծրագիրներուն ի նպաստ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հաւաքները յետաձգուած
1859
0
Գանատայի «Լոռի-Ջաւախք» յանձնախումբի կազմակերպած զեկուցական եւ հանգանակային հաւաքները, որոնք տեղի պիտի ունենային կիրակի Մարտ 15, 2020-ին, Թորոնթոյի մէջ եւ երկուշաբթի Մարտ 16-ին Մոնթրէալի մէջ, ի հետեւումն Գանատայի կառավարութեան թագաժահրի վարակի տարածման կանխարգիլման ուղղուած յորդորներուն եւ ուղեցոյցերուն՝ անորոշ ժամանակով յետաձգուած են։ Նուիրահաւաքի աշխատանքները կը շարունակուին։