Թորոնթոյի «Նոր հայ հորիզոն» հեռուստաժամի խմբագիր Սիւզի Մելիտոնեան արժանացաւ Գանատայի Համայնքային Մամլոյ խորհուրդի մրցանակին
Կազմակերպութեամբ Գանատայի Համայնքային Մամլոյ խորհուրդին, Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2019-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ներկայացուցիչներու մրցանակաբաշխութիւն, ներկայութեամբ Թորոնթոյի քաղաքապետ Ժան Թորիի, Օնթարիոյի զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Լիսա Մագլաուտի եւ Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամ Արիս Պապիկեանի:
Գանատայի համայնքային մամլոյ խորհուրդին շուրջ համախմբուած Գանատայի մէջ հրատարակուող տարբեր ազգութեանց աւելի քան 800 համայնքային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներէն մօտ 25 ներկայացուցիչ մրցանակներու արժանացան, որոնց շարքին էր տիկ. Սիւզի Մելիտոնեանը՝ Թորոնթոյի «Նոր հայ հորիզոն» համայնքային հեռուստաժամին անշահախնդիր եւ բոլորանուէր ծառայութեան համար:
Նշենք, որ գնահատանքի արժանացան նաեւ չինական, պարսկական, բաքիստանական, ռուսական, եթովպիական, Թամիլական, սրիլանքական եւ այլ համայնքային լրատուամիջոներու ներկայացուցիչներ: