«Սուրիա տակաւին ինքնաբաւ է, եւ երբ պատերազմը աւարտի, Սուրիա անմիջապէս կրնայ սկսիլ վերաշինութեան». սուրիահայ գործարար Լեւոն Զեքի Ետալեան
Լեւոն Զաքի Ետալեան, սուրիահայ գործարար եւ բանասէր, ծառայած է Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային զանազան ժողովներու եւ մարմիններու մէջ, եղած է Հալէպի Առեւտրական Պալատի Գործադիր խորհուրդին, Սուրիոյ Առեւտրական Պալատներու Դաշնութեան Տնօրէն Խորհուրդի, Սուրիա-Եւրոմիութիւն Գործընկերութեան եւ Համաշխարհային Առեւտուրի կազմակերպութեան Սուրիոյ անդամակցութեան յանձնաժողովներու անդամ: Արաբական-պելճիքական եւ աւստրիական առեւտրական խորհուրդի տնօրէն անդամ, Սուրիական-Հայաստանեան գործարար խորհուրդի համանախագահ եւ ԼԻԶԱՔՕ առեւտրական հաստատութեան սեփականատէր: Ան Սուրիան ներկայացուցած է միջ-պետական եւ միջազգային խորհրդաժողովներու մէջ: Ունի բազմաթիւ ճեպազրոյցներ, ատենախօսութիւններ, յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ՝ Սուրիոյ, համաշխարհային տնտեսութեան, գործարար աշխարհի, արժոյթի միջազգային շուկայի, տնտեսական արդիւնաւէտ համակարգի կազմակերպման եւ տնտեսագիտական բազմաբնոյթ նիււթերու մասին հայկական եւ արաբական մամուլի մէջ:
Գործարար Լեւոն Զաքի երկար տարիներու վաճառականական փորձառութիւն ունի Սուրիոյ եւ Լիբանանի տարածքին: Սուրիոյ տագնապին ընթացքին ան եւս, այլ գործարարներու նման, մեծ վնասներ կրեց, յատկապէս Հալէպի մէջ, սակայն իր հաստատութիւնը տակաւին կը գործէ Դամասկոսի եւ Պէյրութի մէջ: Գործարարին Գանատա գտնուելուն առիթը օգտագործելով «Հորիզոն» իր հետ ունեցաւ հետեւեալ հարցազրոյցը, որուն ընթացքին ան շեշտեց, թէ Սուրիա տակաւին ինքնաբաւ է, եւ երբ պատերազմը աւարտի, Սուրիա անմիջապէս կրնայ սկսիլ վերաշինութեան: Ան պնդեց, թէ վերաշինութիւնը արդէն իսկ սկսած է կարգ մը քաղաքներու մէջ:
Ըստ գործարարին, արեւմուտքի երկիրներուն հիմնական կիազկէտերն են Միջին Արեւելքի երկիրները, որոնք երբ բարգաւաճին կամ տնտեսական բարելաւում ապրին, յատկապէս Ամերիկան կը ծրագրէ այդ երկիրներուն մէջ խառնակութիւն, նոյնիսկ պատերազմ առաջացնել: «70-ական թուականներուն Լիբանան կ’ապրէր տնտեսական աճ եւ վերելք, այդ օրերուն ո՛չ Ապու Տապի, ո՛չ ալ Տուպայի մասին լսած էինք, յետամնաց շրջաններ էին, անդին Լիբանանը կը ծաղկէր, այս մէկը անշուշտ դուր չեկաւ Արեւմտեան երկիրներուն, եւ 1975-ին սկսաւ Լիբանանի պատերազմը, նոյնը պատահեցաւ 80-ական թուականներուն Սուրիոյ պարագային, երբ տնտեսական որոշ ազատութիւններ շնորհուեցան, անմիջապէս Իսլամ Եղբայրներու հարցը ծագեցաւ, Նմանապէս՝ 2011-ին: Այս բոլորը ես կը յայտնեմ հիմնուելով փաստացի տուեալներու վրայ, որովհետեւ ես տնօրէն անդամ եմ Federation Chamber of Commerce-ի: Մէկ բան շատ յստակ կրնամ ըսել՝ Ամերիկեան եւ արեւմտեան քաղաքականութեան ոճը այս է՝ չարտօնել, որ Միջին Արեւելքի երկիրներէն որեւէ մէկը զօրանայ», ըսաւ ան:
Խօսելով Սուրիոյ պատերազմին ծագման դրդապատճառներուն մասին ան յայտնեց, թէ իսլամական դաւանանքներու հարցը մեծապէս օգտագործուեցաւ, սիւննիի եւ շիիի հարցերը հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունին, այն պարզապէս որպէս դրդապատճառ օգտագործեցին օտար ուժեր, որպէսզի խառնակութիւն ստեղծեն ժողովուրդին խաւերուն միջեւ, որոնց ետին կան բոլորովին այլ՝ քաղաքական եւ տնտեսական նկատառումներ:
Մանրամասնելով տարածաշրջանի երկիրներուն հետապնդած նպատակներուն մասին Ետալեան յայտնեց. «Տարածաշրջանին մէջ իւրաքանչիւր երկիր իր շահերը կը հետապնդէր Սուրիոյ տագնապին հարցով. Սէուտիէին նպատակն էր, օրինակ, ծայրայեղ իսլամներու (Ուահապի) իշխանութեան գալը, Քաթարինը՝ Իսլամ Եղբայրներուն ստանձնելը, Պարսկաստան կ’ուզէր դէպի Միջերկրական ծով ելք ունենալ, Ռուսիա հետաքրքրուած է Սուրիոյ կազով, եւ մի զարմանաք, եթէ ըսեմ, որ Թուրքիոյ նպատակներէն մէկը Հալէպի գաղութը կործանել էր, այսպէս իւրաքանչիւրը ունէր եւ տակաւին ունի ի՛ր շահերը Սուրիոյ իշխանութեան թեր կամ դէմ կեցուածք որդեգրելու հարցով»:
«Դժբախտաբար Սուրիոյ տագնապը պատճառ դարձաւ մեր մայր գաղութին՝ Հալէպի հայութեան ցիրուցան ըլլալուն, բայց պէտք է խոստովանիլ, որ ճիշդ է, թէ Հալէպի գաղութը տուժեց մարդուժի առումով, բայց այլ գաղութներ նոր աւիւն ստացան եւ աշխուժացան: Պէտք է ընդունինք նաեւ, որ հայ մարդուժը միշտ ալ եկած է Սուրիայէն եւ Լիբանանէն եւ կեանք տուած է աշխարհատարած մեր միւս գաղութներուն», յայտնեց Ետալեան: Հալէպ քաղաքի կործանման եւ վերաշինութեան հարցով գործարարը ըսաւ. «Կորուստը մեծ է, կործանումն ալ՝ ահաւոր, քաղաքի տարածքին 85 տոկոսը փլատակ է, գործարանները, մզկիթները, եկեղեցիները, հին շուկաները, բնակարանները եւ այլ կառոյցներ, վնաս հասցուած է ոչ միայն քաղաքին տնտեսութեան, այլ նաեւ պատմութեան եւ պատմական վայրերուն, որոնց վերաշինումը բաւական բարդ եւ դժուար է», ապա աւելցուց. «Բայց կը վստահեցնեմ ձեզի, թէ Սուրիան կարողութիւնը ունի վերականգնելու եւ արդէն իսկ սկսած են վերաշինութեան աշխատանքները կարգ մը քաղաքներու մէջ»:
Վերջինին մասին աւելի փաստացի տուեալներով խօսելու համար գործարարը ըսաւ. «Ինքնավստահօրէն կը հաստատեմ, որ Սուրիան տակաւին ինքնաբաւ է, պիտի չխօսիմ իր ունեցած քարիւղին, ցորենին, բամպակին մասին, բայց կ’ուզեմ մէկ օրինակով բացայայտել իրականութիւնը. Սուրիոյ ծովուն մէջ գտնուող կազի հանքին առնչութեամբ արդէն Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն կնքուած է, որուն նախահաշիւը կը հասնի 2000 միլիառ տոլարի, հետեւաբար Սուրիա հարուստ երկիր ըլլալով, շուտով պիտի կարենայ վերականգնիլ: Այլ օրինակ մը եւս տամ. շահարկումի ոլորտէն ներս կայ BOT (Built Operate Transfer, կառուցողական գործարկման փոխանցում) ձեւը, օրինակ ընկերութիւն մը կ’ուզէ Լաթաքիոյ ծովեզերքը պանդոկ մը կառուցել, Սուրիա տարածքը կը տրամադրէ, եւ 50 տարուան համաձայնութիւն մը կը ստորագրուի, ընկերութիւնը կը պատէ պանդոկը եւ կ’օգտագործէ, 50 տարի ետք կառավարութեան կը ձգէ եւ կը քալէ: Կայ նաեւ այլ ձեւաչափ մը, որ PPP-ն է (Private-Public Partnership, անձնական-պետական համագործակցութիւն). օրինակ՝ Սուրիոյ ելեկտրական կառավարական ընկերութիւնը մեծ վնասներ կրեց վերջերս պատերազմին պատճառաւ, ուրեմն գործարկու մը (investor) կը նորոգէ այդ համակարգը եւ գործընկեր կ’ըլլայ կառավարութեան, այսինքն՝ սեփական բաժանմունքը (private section) պետականին հետ (public section) գործընկեր կ’ըլլայ: Այսպիսով կը մշակուին վերականգնողական ծրագիրները: Գաղտնիք մը չէ, որ ուսումնասիրութիւնները արդէն կատարուած են, եւ երբ զինադադար հռչակուի, անմիջապէս գործադրութեան կը դրուին»:
Գործարարը, սակայն, կարեւորութեամբ կը նշէ, թէ վերականգնումը միայն կառոյցներու վերակերտումով չի սահմանափակուիր, այլ կայ աւելի խրթին ու կնճռոտ հարց մը. «Քարը շինելը դիւրին է, մարդ կերտելն է դժուար», կ’ըսէ ան եւ կ’աւելցնէ. «Մենք հիմա աւելի լուրջ հարց մը ունինք. Սուրիոյ մէջ անուս մօտ երեք սերունդ ունինք, բոլորս ալ գիտենք, որ պատանի մը եթէ 2-3 տարի կրթական հաստատութիւն մը չյաճախէ, կարելի չէ զայն ետ դպրոց վերադարձնելը: Նկատի պէտք է առնենք նաեւ, որ այս անուս պատանին, զոր օրինակ, կ’ապրի ընտանիքի մը մէջ, որուն հայրը գլուխ կտրած է, թերեւս իր իսկ մասնակցութեամբ… նոյնիսկ եթէ սկսինք կերտել անհատը եւ դպրոց յաճախելու պարտադրանքին տակ գտնուի, ան տուն պիտի վերադառնայ եւ ոխի ու թշնամանքի մթնոլորտին մէջ պիտի ապրի տակաւին: Այս կը նշանակէ, որ պարզապէս ուսումի հարց չէ, այլ ընկերային շրջանակի բարոյական անկումն է հարցը, որ տակաւին քանի՜ սերունդի վրայ պիտի ազդէ: 1915-ին դուռը բացող եւ մեզ գրկաբաց ընդունող, հիւրասէր, մեզի հետ հացը կիսող անձերը այլեւս գոյութիւն չունին», կ’ըսէ ան:
Յետադարձ ակնարկով մը գործարարը նկատել տուաւ Սուրիոյ պատերազմը նախորդող տարիներուն կազմուած Սուրիական-Հայաստանեան Գործարար Խորհուրդին աշխատանքները (որուն համանախագահն էր ինք) ըսելով. «Մենք, իբրեւ Սուրիական-Հայաստանեան Գործարար Խորհուրդ, որ հաստատուեցաւ 2009-ին՝ երբ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ Հայաստան այցելեցինք, տակաւին կը գործենք: Խորհուրդը սկիզբը բաւական աշխոյժ գործունէութիւն ունեցաւ, կազմակերպուեցան 4 ցուցահանդէսներ հայաստանեան արտադրութիւններու Հալէպ, Լաթաքիա եւ Դամասկոս: Փոխադարձաբար, 2010-ին ցուցահանդէս մը ունեցանք Հայաստանի մէջ՝ սուրիական արտադրութիւններու: Խառն ժողովներ ունեցանք: Սուրիոյ տագնապին ընթացքին տակաւին կը գործէինք, որպէս քարոզչական խորհուրդ, ցոյց տալու համար մեր հակառակորդներուն, թէ մեր գաղութը տէր ու տիրական ունի, պետութիւն մը կայ, որուն անունը Հայաստանի Հանրապետութիւն է, պաշտպան է հայութեան ամէնուր»: Ետալեան դիտել տուաւ նաեւ, որ այդ Խորհուրդին տարած աշխատանքները ի դերեւ չելան, այլ անոնց գործնական արդիւնքները կը քաղենք մենք այսօր, երբ քանիցս Հայաստանէն զանազան տեսակի օժանդակութիւններ առաքուեցան Սուրիա: Իսկ ականազերծման հայաստանեան խմբակին անդրադառնալով ան մէջբերեց Սուրիոյ ընդհանուր Մուֆթի Հասսունի խօսքը՝ «Երեւակայեցէք, որ մեր իսլամ արաբները մեր երկրին մէջ ռումբեր կը տեղադրեն, եւ հա՛յը կու գայ ականազերծելու զանոնք», ան նաեւ կարեւորութեամբ նշեց Հայաստանէն ժամանած բժիշկներուն տարած մարդասիրական հսկայ աշխատանքը:
Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն նոսրացման հարցը վերջերս քանիցս բարձրաձայնուեցաւ. այդ առնչութեամբ Ետալեան յայտնեց, թէ մի քանի տարի առաջ Լիբանանի մէջ խմբակ մը հաստատուած է, որ կոչուած է Արեւելքի Քրիստոնեաներու Խորհուրդ, որուն փոխ նախագահը ինքն է: Խորհուրդին մէջ ընդգրկուած են Սուրիան, Իրաքը, Պաղեստինը, Յորդանանը, Եգիպտոսը եւ Լիբանանը: «Հանդիպումներ ունեցանք Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ՝ հաղորդակցելու եւ միտքեր փոխանակելու համար: Այս խմբակին նպատակը Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները պահելն է: Այս խմբակները պետական հովանաւորութիւն չեն վայելեր, բայց նաեւ պետական բարձրաստիճան մարդիկ անդամ են նշեալ խմբակներուն. օրինակ՝ Իրաքը ներկայացնողը քրիստնեայ նախարարուհի մըն է, Յորդանանի ներկայացուցիչը երեսփոխան մըն է, Եգիպտոսինը՝ ղպտի սրբազան մը: Խորհուրդին նպատակը քրիստոնեաներուն օգտակար դառնալն է, պզտիկ դրամատուն մը հաստատել եւ նպաստներ տրամադրել քրիստոնեաներուն», յայտնեց ան:
«Համատարած կարծիք մը կայ, որ հայերը Սուրիա միայն 1915-էն ետք հաստատուած են, բնա՛ւ, Մեծն Տիգրանի օրով իսկ հայեր հաստատուած են հոն, նկատի առած որ Մեծն Տիգրան մօտաւորապէս 12 տարի իշխեց Հալէպի վրայ, եւ իր բանակէն կարգ մը ընտանիքներ հոն մնացին: Չմոռնանք, որ յարդագողի ճամբան արեւմտեան Հայաստանէն եւ Սուրիայէն կ’անցնէր, բաւական վաճառականներ կու գային Սուրիա Քրիստոսէ 400 տարի առաջ: Ըսել կ’ուզեմ, որ հայութիւնը հին դարերէն ի վեր ներկայութիւն է Սուրիոյ մէջ, սրիանի ժողովուրդը միշտ հոն եղած է, արաբը յետոյ եկաւ եւ իսլամութիւն տարածեց (պարտադրեց): Մենք իսլամութեան դէմ չենք, բայց թէ Սուրիան արաբներուն երկիրն է՝ այս մէկը պատմականօրէն սխալ է: Հետեւաբար Խուրհուրդս կ’ընդունի, որ մենք ենք այս երկրին տէրը, եւ պիտի չհեռանանք անկէ: Գաղտնիք մը չէ, որ աշխատանք տարուեցաւ քրիստոնեաները հոնկէ հանելու, եւ այդ աշխատանքը հրէական ծրագիր էր, որպէսզի հոն պզտիկ պետութիւններ հիմնուին՝ Ալեւի պետութիւն, Տուրզի պետութիւն, եւ այլն, այսպիսով եւ արդարացնէ իր հրեայ ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ», շեշտեց գործարարը:
Ան յայտնեց նաեւ, որ Խորհուրդը հաստատած է զօրաւոր կապեր, եւ վերջերս կազմակերպուած դասախօսական երեկոյին ներկայ եղած են պետական թէ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնցմէ յիշեց քաղաքական գործիչ երեսփոխան Էլի Ֆրեզլին, Մարոնիթ Եկեղեցւոյ Պէյրութի Թեմի Արքեպիսկոպոս Փօլ Մաթարը, Լիաբանանի նախագահ Միշէլ Աունի օգնականը, Լիաբանանի Արտաքին Գործոց նախարարին փոխանորդը, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, նախարարներ, երեսփոխաններ եւ այլք:
Վերոնշեալ միջոցառման դասախօսած է Ետալեան, որուն ընթացքին յայտնած է, թէ խորհուրդին աջակցութիւնը պէտք չէ սահմանափակուի նիւթական աջակցութեամբ, այլ՝ պէտք է հաստատէ քրիստոնեաներուն ապահովութիւնը, որուն իրագործման համար անպայման զէնքի ուժի կարիք չկայ, նկատի առած որ եկեղեցին ինքզինք անջատած է քաղաքականութենէն: Ան մէջբերելով սուրիական օրինակը ըսաւ. «Ճիշդ է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը քրիստոնեաներուն աջակից է, սակայն մենք չենք կրնար կախեալ ըլլալ անձերէ կամ իշխանութիւններէ, հետեւաբար մենք կ’ուզենք աւելի ամրակուռ հիմք ունենալ, անոր համար ալ պէտք է շահախումբ (lobby) ունենանք. ինչպէս որ գոյութիւն ունի հրէական շահախումբը, նոյն ձեւաչափով արեւելեան քրիստոնէական շահախումբ մը հարկ է ստեղծել, որ պաշտպանէ արեւելքի քրիստոնեաները»:
Հարցազրոյցի աւարտին անդրադարձ կատարուեցաւ բանասէրին հրատարակած գիրքերուն. 2018-ին Հալէպի մէջ հրատարակուեցաւ «Գործ եւ գանձ» գիրքը, որուն մէջ ամփոփուած են բանասէրին Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթին տնտեսական էջին եւ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածները, որոնց նպատակը եղած է ցուցմունք տալ ժողովուրդին՝ իրենց գործառքները զարգացնելու առումով: Գիրքին մէջ ան տնտեսագիտական հարցերու շուրջ կու տայ իր մօտեցումները, վերլուծումներն ու նախատեսումները, ինչպէս նաեւ տեղական դրամանիշներու արժեզրկումին, օտար արժոյթի սակարանային խաղերուն եւ քաղաքական դիրքորոշումներուն անմիջական եւ հեռահար ազդեցութիւնները տնտեսութեան հոլովոյթին վրայ:
2018-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ նաեւ իր «Սուրիական վաստակը» (الحصاد االسوري) արաբերէն գիրքը: Արաբերէնով հրատարակուած գիրքերուն մասին բանասէրը կ’ըսէ, թէ նպատակն է իր միտքերն ու գաղափարները կիսել նաեւ տեղացի ժողովուրդին հետ: Գիրքին բովանդակութեան մասին ան յայտնեց. «Գիրքը կ’անդրադառնայ Սուրիոյ քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան՝ նախքան պատերազմը սկսիլը. թէ ի՛նչն էր, որ մեզ հոս հասցուց, ի՛նչ սխալներ գործուեցան, ի՛նչ ըրինք, ի՛նչ կրնայինք ընել եւ չըրինք, ի՛նչ պէտք էր ընել եւ ի՛նչ պէտք է ընենք… այս բոլորին մասին փաստացի տուեալներու հիման վրայ գրած եմ, որովհետեւ մօտէն ծանօթ եմ անձուդարձերուն»:
Նոյն տարին, կրկին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած իր «Գոյատեւման մարտահրաւէրը» (تحدي البقاء) արաբերէն գիրքը սուրիահայութեան մասին է, յատկապէս՝ Հալէպի հայութեան, տագնապէն առաջ եւ ընթացքին: Ետալեան կը պնդէ. «Գիրքին մէջ անդրադարձայ հայերուն մղած գոյատեւման պայքարին մասին պատերազմին ամենաթէժ օրերուն, թէ որքա՜ն մեծ վնասներ կրեցինք անհատական թէ գաղութային գետնի վրայ, անձնական թէ ազգային կառոյցներու հարցով, ինչպէս նաեւ մատնանշում կատարած եմ Խորհուրդիս տարած աշխատանքներուն մասին՝ ի նպաստ սուրիահայութեան Սուրիոյ թէ Հայաստանի մէջ», ապա աւելցուց, թէ սուրիահայերը կը կազմեն Սուրիոյ խճանկարային կազմուածքին կարեւոր մէկ մասը:
Հարցումին՝ թէ ի՞նչ եղաւ ճակատագիրը Հալէպի մէջ հիմնած իր ԼԻԶԱՔՕ ընկերութեան, Ետալեան յայտնեց, թէ ընկերութիւնը կը գործէր ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, որուն գլխաւոր գրասենեակը՝ 10 յարկանի շէնքով, կը գործէր Հալէպի մէջ՝ այսօր ամբողջութեամբ կողոպտուած ու փլատակ դարձած է: «Մեր ընկերութիւնը ապրանք կը ներածէր, որոնք շատ դիւրութեամբ Թուրքիա տեղափոխուեցան թուրք զինեալ խմբաւորումներուն ձեռամբ, եւ որուն պատճառաւ մեծ վնաս կրեցինք, սակայն այսօր ԼԻԶԱՔՕ-ն տակաւին կը գործէ Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ մէջ, ապա պիտի վերականգնի՝ Սուրիոյ վերականգնումին հետ:
Հարցազրոյցը վարեց
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան