Սուրիոյ վրայ թրքական յարձակումը դատապարտող բողոքի ցոյց կայացաւ Մոնթրէալի մէջ
1534
0
Հոկտեմբեր 12ին, Fondation Kurde Du Québec քրտական կազմակերպութեան կողմէ Մոնթրէալի քաղաքակերոնին մէջ կազմակերպուած ցոյցին մասնակցեցան նաեւ Մոնթրէալի հայ երիտասարդական կազմակերպութիւններ։ Ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Հրակ Չինչինեան, որ դատապարտեց թրքական յարձակումը եւ Անգարայի ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը։