3 Տարուան Ընթացքին. Շումախըրի Բուժման Համար Ծախսուած Է 16 Միլիոն Եւրօ
968
0
«Ֆորմիւլա 1»-ի եօթնակի ախոյեան, գերմանացի Միքայէլ Շումախըրի բուժման համար անոր ընտանիքը 3 տարուան ընթացքին ծախսած է 16 միլիոն եւրօ կը յայտնէ անգլիական «Միրըր» թերթը:
Դեկտեմբեր 2013-ին ֆրանսական Ալպեան լեռներուն վրայ դահուկարշաւի ընթացքին ուղեղէն ծանր վնասուածք ստացած եւ ցարդ մահաքունի մէջ եղող Շումախըրի վերականգնումի աշխատանքները կը շարունակուին եւ անոր համար շաբաթական կը ծախսուի 191 հազար եւրօ:
Կը նշուի, որ Շումախըրի անձնական կարողութիւնը շուրջ 700 միլիոն եւրօ է: