Այսօրը

 

ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

Հայկական այսօրը տխուր պատկեր մը կը ներկայացնէ, որովհետեւ կը պատահի աներեւակայելին: Կը պատահի այն, որ Արցախի բանակցութիւններու ըստ երեւոյթին ամէնէն ճակատագրական հանգրուանին, ոմանք իրենց ընթացքով կը յաջողին հայկական ներքին կեանքը աննախընթաց կերպով պառակտել: Յանցաւորներ մատնանշելու համար չէ, որ ցաւով կը գրենք այս քանի մը տողերը: Ատիկա աւելի ուշ ընելը թէ՛ աւելի խելացի է, թէ՛ աւելի օգտակար: Հիմա այս վիճակէն դուրս գալը աւելի՛ հրամայական է: Հայութեան առջեւ վերջերս յաճախ լարուող ծուղակներէն ճարպիկօրէն խուսափիլը շատ աւելի կենսական է:

Ամէնէն մեծ ու վտանգաւոր ծուղակը այս տարուան ապրիլին ազերիական լայնածաւալ յարձակումն էր: Կոյրն ալ պիտի տեսնէր, որ ատիկա պատահեցաւ Հայաստանը բանակցութիւններու սեղանին վրայ ծունկի բերելու նպատակով: Այդ փորձը չյաջողեցաւ շնորհիւ համահայկական բուռն դիմադրութեան, մանաւանդ` հայ զինուորի եւ քաղաքացիի անսակարկ հայրենասիրութեան եւ հակառակ հայկական կողմին մօտ երեւան եկած բոլոր տկարութիւններուն: Փաստուեցաւ ճիշդը. այսինքն` թէ ներքին հարցերն ու հաշիւները մէկ կողմ կը ծալուին, երբ վտանգուած են հայրենիքն ու հայոց պետականութիւնը: Մինչդեռ ամէնէն լաւատեսները նոյնիսկ կ’ակնկալէին, որ հայրենասիրական կայծը մարած պէտք է ըլլայ ընկերային արդարութեան մարզին մէջ հայկական պետութեան ակնբախ անկատարութեան պատճառով:

Հայութեան վրայ բանեցուած զինուորական ճնշումի ձախողութենէն ետք ականատես եղանք դիւանագիտական բացայայտ ճնշումներուն, որոնք գործածեցին աւելի քան քսանամեայ ձանձրացնող յանկերգը. փուլային ու փաթեթային, տարածքներու յանձնում, Հայաստանի նախագահ (փոխուող) ու Ալիեւ (մնայուն) եւ համանման եզրերու գործածութիւն` առաւել կամ նուազ չափով նոյն տեսակի նախադասութիւններու մէջ շարուած: Հակառակ քաղաքական ճնշումներուն, դժուար է մտածել, թէ Արցախի հարցի դիւրին եւ հիմնովին ոչ հայանպաստ լուծումի մը հորիզոնի վրայ երեւումը մօտալուտ է: Հայութիւնը տակաւին ամուր է:

Հայութեան կորովը տկարացնելու համար կը մնայ ի գործ դնել ամէնէն զզուելի տարբերակը, որ կրնայ շահագրգիռ կողմերը յաջողութեան առաջնորդել կարեւոր հաւանականութեամբ. ատիկա ալ ներքին պառակտման սերմանումն է: Այս մարզին մէջ յաջողելու կարելիութիւնները մեծ են, որովհետեւ հայկական հասարակութեան մէջ ատոր համար կայ անհրաժեշտ մթնոլորտը` պատրուակներն ու իսկական պատճառները: Իշխանութիւններու պարտականութիւնն է, ի հարկէ, ի գործ դնել ամէն միջոց վերացնելու համար բոլոր պատրուակները եւ մանաւանդ` հասարակական լայնածիր դժգոհութեան պատճառները: Ընկերային արդարութիւնը կ’ամրապնդէ հայրենիքի եւ ազգային հաւաքականութեան հետ կապը եւ անոնց հանդէպ սէրը: Ասիկա առաջնահերթ պայման է որեւէ պետութեան գոյութեան ապահովման համար. մանաւանդ` հայկականին նման պետութեան համար, որ այլապէս շատ խոցելի է արդէն: Հայաստանի իշխանութիւնները թափանցիկ ու տեսանելի կերպով, կարելի է ըսել նոյնիսկ` ցուցական միջոցներով պէտք է անյապաղ լծուին այդ աշխատանքին:

Ներկայ հանգրուանը սակայն աւելի քան երբեք կը պահանջէ ողջմտութիւն` հայութեան բոլոր առարկայական ու ենթակայական կարելիութիւնները կեդրոնացնելով Արցախի հարցին վրայ: Ատիկա ընելու համար ներքին անդորրի վերահաստատումը պայման է: Ասկէ առաջ ալ ոմանք փորձած են հայութիւնը պառակտել. չարաչար ձախողած են: Պէտք չէ մտահան ընել, որ Արցախը ազատագրուեցաւ, երբ հայոց ազատամարտիկները առիւծի նման մէկ մարդու պէս կը կռուէին եւ միաժամանակ ազերիները ներքին խնդիրներով զիրար կը բզկտէին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.