Կրնա՞նք Հայաստանը Բժշկական Կեդրոնի Վերածել

 

Կ՛ուզեմ անձնական փորձառութիւն մը ձեզի հետ բաժնեկցիլ:
Յունիսին Երեւան էի: Այս այցելութիւնս տարբեր էր: Յունիս 7-ին հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ վիրաբուժական գործողութիւն մը ունեցայ (Մանրամասնութիւնները կարեւոր չեն): 5 օր հիւանդանոց անցուցի:
Յունիս 1-էն սկսեալ վիրաբուժին եւ բուժող բժիշկին հետ ամենօրեայ կապի մէջ էի: Երկուքն ալ երիտասարդ, հրաշալի մասնագէտներ են: Հիւանդանոցին տարբեր յարկերը եղայ, զանազան քննութիւններէ անցայ: Ամէն մէկ քննութենէ վերջ այդ մասնագէտին հետ կարճ խորհրդակցութիւններ ունեցայ, որոնց ընթացքին անոնք բաւական հասկնալի լեզուով բացատրութիւններ եւ խորհուրդներ տուին:
Ակամայ սկսայ մտածել, որ Նիւ Եորքէն ըլլալս կրնայ դեր ունենալ այս ուշադրութեան մէջ, բայց այդպէս չէր: Ծանօթներ եւ այնտեղ վիրահատուած հայաստանաբնակներ հաստատեցին, որ իրենք ալ նոյն ուշադրութեան արժանացած են:
Հիւանդանոցը (կամ՝ Բժշկական Կեդրոնը) նոր չէր: Նորոգուած ալ չէր: Բայց մաքուր եւ կոկիկ էր: Յետոյ իմացայ, որ քանի մը ամիսէն այս կեդրոնը նոր շէնք պիտի տեղափոխուի:
Բժշկական սարքերը գեր-արդիական չէին: Սակայն այդ սարքերուն վրայ աշխատող երիտասարդ ու միջին սերունդի մասնագէտները լիարժէք կը տիրապետէին մասնագիտութեան եւ ուշագրաւ ինքնավստահութեամբ կը կատարէին իրենց գործը:
Վիրահատութիւնը բարեյաջող անցաւ: Բաւական կազդուրուած եմ. դեռ երեք շաբաթ չանցած՝ երկար ճամբորդութիւն մըն ալ ըրի եւ նիւեորքեան առօրեայիս վերադարձայ: Հանգիստ եմ, որ «Նիւ Եորք ձգելով, Երեւան գացի վիրահատութեան համար»:
Ինչո՞ւ այսքան բան կը պատմեմ:
Կը ցաւիմ, որ այս սքանչելի մասնագէտները չունին իրենց գիտելիքները աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելու սարքաւորումները եւ միջոցները: Իսկ քիչ մը ուշադրութեամբ ու ծրագրով կարելի է այս մարդուժը լիակատար արժեւորել:
Երբեմն կը հանդիպիմ Հայաստանի բժշկական կեդրոնները արդիականացնելու մասին լուրերու: Բոլոր քայլերը խրախուսական են, անկասկած: Քայլ մը առաջ պէտք է անցնիլ: Նիւթական որոշ ներդրումով կարելի է Հայաստանը վերածել բժշկական զբօսաշրութեան(Medical tourism) կեդրոնի: Աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ընդունուած երեւոյթ է ասիկա: Ծրագրուած, խիստ հսկողութեամբ եւ յատուկ նպատակներով կարտարուող ներդրումներով կարելի է Հայաստանի մասնագիտական ուժին աւելցնել նիւթական կարողութիւնը:
Այսպիսով թերեւս կ՛օգնենք, որ մեր երիտասարդ մասնագէտները արտագաղթի մասին չմտածեն: Կը մղենք, որ անոնք պատասխանատուութեան աւելի մեծ զգացումով մօտենան մարդկային կեանքին եւ իրենց աշխատանքին: Եթէ սփիւռքահայութեան (եւ ինչո՞ւ չէ, օտարներու) որոշ զանգուած Արեւմուտքի փոխարէն բուժման համար Հայաստան երթայ, կը բարելաւուին նաեւ մեր ժողովուրդի մէկ հատուածի՝ բժշկական մարզի աշխատողներու կեանքի պայմանները:
Տնտեսագէտ չեմ. միլիոնատէր ալ չեմ: Բայց կը մտածեմ, որ հայրենիքի մէջ այս մակարդակով ծախսուած գումարները «մեծերուն գրպանը» չեն երթար:
Առողջութիւնը անգին գանձ է: Եs չեմ կրնար ձեզմէ մէկուն ըսել. «այսինչ հիւանդութեան համար Երեւան գնա»: Բայց կրնամ խղճի հանգստութեամբ իմ փորձառութիւնս պատմել:
Մեր երկիրը սքանչելի մարդուժ ունի եւ այդ մարդուժին պէտք է գուրգուրանքով մօտենալ: Իշխանութեան եւ օլիկարխային համակարգի հանդէպ մեր մօտեցումները մէկդի դնելով, փորձենք պահել մեր հարստութիւնը:
Առողջ մնաք:
Մարի Մերտխանեան

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.