Ճանաչումէն հատուցում, ազգային դաւանանքի կենսագործումը. Խմբագրական
«Աշխարհի մեծ պետութիւնները, ինչպէս նաեւ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած բոլոր պետութիւնները, բարոյական եւ քաղաքական յանձնառութիւններ ունին հանդէպ հայ ժողովուրդին եւ ասո՛վ իսկ, ցարդ պարտական կը մնան Հայ Դատին»:
ՀՅԴ 22-րդ Ընդհանուր Ժողով, 1981, Փարիզ
Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը դարձաւ պատմական դարձակէտ, երբ համայն հայութիւնը որդեգրեց »ճանաչումէն հատուցում« համազգային նոր ուղեգիծն ու ռազմավարութիւնը։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը իրաւայաջորդն է եղեռնագործութիւն կատարած Օսմանեան Թուրքիոյ, եւ Անգարան կը շարունակէ Ցեղասպանութեան գործընթացը՝ առաջին հերթին ուրանալով պատմական եղելութիւնը եւ ապա՝ շրջափակելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որուն բնակչութեան տոկոսային ստուար մէկ զանգուածը 1915-ի ցեղասպանութենէն ճողոպրած Արեւմտահայաստանի գաղթականներու շառաւիղներն են։
Վերասահմանումի կարգով շեշտենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան արարքը ծրագրուած եւ ղեկավարուած է Թուրքիոյ օրուան պետական կառոյցին կողմէ, սպանդներն ու ջարդերը իրագործելու մէջ մասնակից եղած են կառավարութեան նախարարները, պետական պաշտօնեաները, բանակն ու ոստիկանութիւնը եւ առ այդ, կատարուած է պետական ահաբեկչութիւն եւ ցեղային բնաջնջում ազգային հաւաքականութեան մը դէմ։
Պատմական հայրենի բնօրրանի բռնագրաւումը, ազգասպանութիւնը, պատմական եւ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը եւ ուրացումը՝ ցեղասպանութեան հոլովոյթի շարունակութիւնն են եւ Թուրքիոյ պետութիւնը կը տեղադրեն յանցագործութեան աթոռին։
Անարդարութիւնը եւ պատմական խոցը դարմանելու միակ ելքը՝ հատուցումն է, որ կÿենթադրէ հատուցել Ցեղասպանութեան հետեւանքով հայ ժողովուրդին կրած ֆինանսական եւ գոյքային կորուստները, մշակութային քաղաքակրթական եւ ժողովրդագրական կորուստները։
Յանցագործութիւնը կատարած իրաւայաջորդին կողմէ պատասխանատուութեան ստանձնում, զոհերու եւ սպաննուածներու կորուստի ի դիմաց նիւթական հատուցում, տարածքներու հատուցում, արարքին համար ներողութեան հայցում եւ Թուրքիոյ կրթական համակարգին մէջ 1915-ի պատմական իրողութիւններու խեղաթիւրման վերջ տալու նախաձեռնութիւն՝ կը կազմեն հիմնական բաղադրիչները հատուցման գործընթացը սկսելու։
Հայոց Ցեղասպանութեան հիմնախնդիրը լուծելու համար հատուցումը ունի էական նշանակութիւն, վասնզի հատուցումը մարդկային իրաւանց բռնի եւ լայնածիր խախտումներու լուծման հիմնարար բաղադրիչ եւ գործօն է։
Ժամանակն է նաեւ, որ հետագայ հաւանական ցեղասպանական արարքներ կանխարգիլելու համար, միջազգային ընտանիքը պատժելի եւ անօրինական հռչակէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դրժող կամ ուրացող որեւէ անհատական կամ խմբային արտայայտութիւն կամ յայտարարութիւն։ Կարգ մը պետութիւններ արդէն իսկ ձեւաւորած են նման օրէնսդրական հիմնակէտ, ընդ որում Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը անօրինական կը նկատուի։
Անգարայի ժխտողականութեան զինանոցը սնանկացման եզրին է։ Հատուցման հանգրուանի արդիւնաւորումով կը վերաիմաստաւորուի պահանջատիրական գործընթացը։
Ցեղասպանութիւնը անժամանցելի ոճիր է. դատապարտելի են թէ՛ ներկայի, թէ՛ անցեալի ցեղասպանութիւնները: Չճանչցուած եւ չհատուցուած ցեղասպանութիւնը խթանող ազդակ է նո՛ր ցեղասպանութիւններու համար. այդ է պատճառը, որ 21-րդ դարուն, յաչս քաղաքակիրթ աշխարհին, ցեղասպանութիւններ կը գործադրուին Սուտանի, Միանմարի, Իրաքի եւ այլ երկիրներու մէջ։
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանանչումը պետութեան համար ազգային անվտանգութիւնը ամրապնդող անփոխարինելի երաշխիք է, որ հաստատ հիմերու վրայ կ՚ամրագրէ մեր պետականութեան գոյատեւելիութիւնը եւ կ՚երաշխաւորէ գալիք սերունդներուն անվտանգութիւնը։
«Հորիզոն»ի խմբագրական