Լաւալի մէջ հիմնուեցաւ Համազգայինի մանկապատանեկան «Նանոր» երգչախումբը
- (0)

Գանատայի Լաւալ քաղաքին մէջ հայկական մշակութային կեանքը աշխուժացնելու միտումով, եւ մնալով իր առաքելութեան մէջ՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Սանահին մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ՝ Լաւալի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Ապրիլ 2016-ին հիմը դրաւ Համազգայինի մանկապատանեկան «Նանոր» երգչախումբին։ Խմբավարութեան պաշտօնը ստանձնեց Հալէպէն Մոնթրէալ հաստատուած՝ Լուսին Ժամկոչեան։
Օրդ. Լուսին Ժամկոչեան դուստրն է Հալէպի մէջ շեփորախումբերու հիմնադիր՝ եղբ. Տիգրան Ժամկոչեանի։ Երաժշտական մարզին մէջ իր ներդրումը ունեցած է իբր երգող, դաշնակահար, ուսուցիչ եւ ղեկավար։
Լուսին Ժամկոչեան երաժշտական ուսում ստացած է Հալէպի Bally Conservatoire-էն (1995-2003), աւարտելով երգեցողութեան եւ դաշնամուրի դասընթացքները եւ արժանանալով բարձր գնահատանքի։ Մաս կազմած է զանազան երգչախումբերու, ինչպէս՝ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, «Նարեկացի» եւ «Ֆրանսուա Ասիզի» երգչախումբերուն։ Մաս կազմած է նաեւ զանազան եկեղեցիներու դպրաց դասերուն։
Հանդէս եկած Իտալիոյ տարածքին եօթը քաղաքներու մէջ, երգչախմբային համերգներով եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ։ Հալէպի մէջ խմբավարած է զանազան միութիւններու փողերախումբերը, մասնակցելով ազգային եւ պետական ելոյթներու։ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցին մէջ աւանդած է ձայնամարզութեան, «սոլֆէժ»ի, դաշնամուրի, երգեհոնի եւ ձայնափողի («թրօմփէթ»ի) դասեր։ 2014-ին նշանակուած է Հալէպի “The Voice”-ի դատական կազմի անդամ։
2016-ին, նախքան Գանատա հաստատուիլը, Լիբանանի մէջ կարճ ժամանակահատուածի մը ընթացքին, Լուսին պաշտօնավարած է «Էլիաս Րահպանի»ի երաժշտանոցէն ներս, դաշնամուրի եւ սոլֆէժի դասընթացքներ տալով, նաեւ ստանձնած է Սբ. Աստուածածին եւ Սբ. Քառասուն Մանուկ եկեղեցիներու դպրաց դասերուն խմբավարութիւնը։