Բողոքի ցոյց Գանատայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց
1074
0
Ապրիլ 8-ին, Կէսօրուան ժամը 12-ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց, որուն մասնակցեցան Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն եւ Օթթաուայէն հայեր։ Ցոյցը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ոՈւսանողական Միութեան կողմէ։ Ցոյցի ընթացքին խօսք առին վերոնշեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ բուռն կերպով դատապարտեցին Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը հրթոռակոծելու Ատրպէյճանի յարձակապաշտ ընթացքը եւ կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան որ նմանապէս դատապարտէ Պաքուի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը։