ՀՕՄ-ի Գանատայի կառոյցը Արցախին օժանդակելու կոչ կ՚ուղղէ
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը իր ընդվզումը կը յայտնէ Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն դէմ կատարուած ատրպէյճանական զինուորական յարձակումին, որուն հետեւանքով զոհ գացին հայոց բանակի զինուորներ ու անմեղ բնակիչներ:
Հայ Օգնութեան Միութեան Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը եւ իր տասը մասնաճիւղերը ցաւակցութիւն կը յայտնեն նահատակուած հայորդիներու ընտանիքներուն ու հարազատներուն եւ կը զօրակցին Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւններուն՝ տէր կանգնելու մեր հողերուն ու սարերուն:
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը, գիտակցելով կատաղի կռիւներուն հետեւանքով յառաջացած նիւթական ու բարոյական կարիքներուն, կոչ կ՚ուղղէ իր անդամներուն եւ ազգայիններուն, օգնութեան ձեռք երկարելու Արցախահայութեան:
Ձեր նուիրատուութեան վճարագրերը հաճեցէք գրել ARS FOUNDATION անունին եւ ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝
Armenian Relief Society of Canada (ARS) Inc.
3401 Olivar Asselin
Montreal, Quebec
H4J 1L5
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԵՏ, ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՍ ՀԱՄԱՐ
ՀՕՄ-ի Գանատայի Շրջանային վարչութիւն