Հայ Ոսկերիչներու Հիմնադրամը 50 ուսանողի կրթաթոշակային նպաստ կը տրամադրէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ


Հայ Ոսկերիչներու Հիմնադրամը (AJF) կը յայտարարէ, որ 2016 թ.-ին 50 ուսանող կ’արժանացնէ կրթաթոշակային նպաստի: Հիմնադրամին նպաստի ծրագիրը միտում ունի նպաստելու նոր հնարաւորութիւններու զարգացման՝ ոսկեգործութեան եւ ադամանդագործութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի մէջ: Ուսանողները կը ստանան հիմնովի գիտելիքներ թանկարժէք քարերու, որոնցմէ նաեւ ադամանդներու վերաբերեալ, որ կ’օգնէ անոնց յետագայ կայացման ոսկեգործութեան եւ ադամանդագործութեան ոլորտին մէջ:

Հայաստանի մէջ «Ադամանդի դասակարգին» մասնագիտութեամբ ուսանելու համար դիմորդները կրնան դիմում ներկայացնել Հայկական Ադամանդագործութեան Լաբորատորիա եւ Ակադեմիային (AGLA): Մրցոյթին կրնան մասնակցիլ հետեւեալ համայնքներու դիմորդները. Արցախ, Հայաստանի մարզեր, Սուրիահայ համայնք եւ Սփիւռք: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար դիմորդները կրնան գրել AJF-ին կամ AGLA-ին (info@gemology.am):

Գանատայի մէջ AJF-ը կիրականացնէ իր նոր ծրագիրը ի նպաստ վերջին շրջանին սուրիահայ փախստականներու: Հայաստան եւ այլուր տեղափոխուած տասնեակ հազարաւոր տարագիր սուրիահայերու զգալի մաս մը հաստատուած է նաեւ Գանատա: Ուստի եւ Գանատա գաղթած Սուրիահայ համայնքի ներկայացուցիչները, որոնք կը փափաքին ուսանիլ Մոնթրէալի Ադամանդագործութեան հիմնարկին մէջ (EMG), կրնան մասնակցիլ Գանատայի մէջ նպաստի մրցոյթին: Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններու եւ դիմումնագիրի օրինակ ստանալու համար դիմորդները կրնան գրել AJF-ին կամ EGM-ին (info@egmtl.com):

2016 Յունուար 28-ին, 13 սուրիահայ փախստականներ արդէն սկսած են իրենց ուսումնառութիւնը EMG-ի մէջ: Անոնք ընտրուած են AJF-ին դիմած 43 դիմորդներու խումբէն: Նախորդ շրջանի «Ադամանդագործութիւն-I» եւ «Ադամանդի դասակարգման» սուրիահայ շրջանաւարտները Յունուար 27-ին հրաւիրուած էին EGM՝ ստանալու իրենց վկայականները: Անոնցմէ 7-ն ընտրուած են «Ադամանդագործութիւն-II» մասնագիտութեամբ դասընթացքներուն մասնակցելու համար: «Մենք շատ ուրախ ենք, որ հնարաւորութիւն ունինք ուսանելու հեղինակաւոր այս գանատական հաստատութեան մէջ, որ բարձր գիտելիքներ եւ փորձառութիւն կը փոխանցէ: Վստահ եմ, որ այս մեզի՝ բոլորիս, կօգնէ միախառնուելու եւ բարելաւելու մեր մասնագիտութեան հեռանկարները: Շնորհիւ AJF-ի, վերջերս ինծի նոր աշխատանք առաջարկեցին, եւ ես Գանատայի մէջ վերստին աշխատիլ որպէս ոսկերիչ», կ’ըսէ ուսանող Վիգէն Աբգարեանը:

 «Մենք շատ շնորհակալ ենք AJF-ի կրթաթոշակային ֆոնտի հովանաւորներուն՝ մեր կրթական առաքելութեան եւ փախստականներու ընտելացման ջանքերուն աջակցելնուն համար: Յոյսով


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.