Սուրիոյ մէջ Սպաննուած Է Ազրպէյճանցի Զինեալ մը


Սուրիոյ հիւսիսը՝ թրքական սահմանին մօտ, ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով սպաննուած է Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորման անդամ զինեալ, Վրաստանի Թելավիի մէջ ծնած, ազրպէյճանցի Պեսլան Մուխթարովը։ Այս մասին կը յայտնէ Ազրպէյճանական Haqqin.az-ը՝ յղում կատարելով թրքական լրատուամիջոցներուն։

Մուխթարով Սուրիա հասած էր երեք ամիս առաջ։ Ըստ տեղեկութեան, ան սպաննուած է Թուրքմեններու լերան շրջանին մէջ ռուսական օդային հարուածներու հետեւանքով։
Պեսլան Մուխթարով ունեցած է բժշկական կրթութիւն։ 2011-ին թրքական գաղտնի սպասարկութիւնները հետաքննութիւն սկսած են ծայրայեղական իսլամական խմբաւորումներուն անոր առնչութեան հետ կապուած։ Այնուհետեւ Մուխթարովին արգիլուած է մուտք գործել Թուրքիա եւ Մուխթարով վերադարձած է Վրաստան։ 2015-ի հոկտեմբերին Մուխթարով վերադարձած է Սուրիա։ Անոր հիմնական գործը եղած է վիրաւոր զինեալներու բուժումը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.