Կեանքէն հեռացաւ Մոնթրէալահայ ազգային գործիչ Սերգօ Պոյաճեան

Յունուար 14-ին իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց Մոնթրէալի հայ համայնքի եւ Դաշնակցական ընտանիքի երախտաւոր Սերգօ Պոյաճեանը։

Ծնած է Աթէնք, Յունաստան, 29 Յունուար 1930-ին: Ան զէյթունցի ծնողքի մը երեք զաւակներէն երկրորդն էր, որոնք տարագրութեան շրջանին մազապուրծ ազատելով, 1920-ին հաստատուած են Յունաստան։ Սերգօն իր նախնական ուսումը ստացած է Աթէնքի Հայ Կաթողիկէ վարժարանին մէջ։ Հազիւ 14 տարիքը բոլորած՝ կը նետուի գործի ասպարէզ, կը զբաղի ժամագործութեամբ, ոսկերչութեամբ եւ ադամանդագործութեամբ:

1954 Օգոստոս 15-ին կը հաստատուի Մոնթրէալ։ Գաղութի կազմաւորման սկզբնական այդ շրջանին կազմուած է եկեղեցական ծխական խորհուրդ մը, որուն մէջ Սերգօն ստանձնած է քարտուղարութեան պաշտօնը։ 1958-ին կը հիմնադրուի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին, որուն հիմնադիր եօթը անդամներէն մէկը Սերգօն էր։ Նոյն տարին, Սերգօն եւ քանի մը գաղափարակից ընկերներ կը հիմնեն ՀՅԴ-ի Մոնթրէալի կոմիտէութիւնը՝ «Միհրան Փափազեան» անուամբ, ներկայութեամբ ազգային հերոս ընկ. Միսաք Թորլաքեանի: Անկէ ետք անմիջապէս կազմուած է նաեւ ՀԵԴ «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղը, դարձեալ Սերգոյի եւ մի քանի ընկերներու աջակցութեամբ ու ջանքերով: Ան իր մասնակցութիւնը բերած է նաեւ Մոնթրէալի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին հիմնադրութեան:

1961 Յունուարին Սուրբ Յակոբ եկեղեցին կը ստանայ պետական վաւերացում՝ Sourp Hagop Armenian Church անունով, որուն արտօնագրի լիազօր 7 ստորագրողներէն մէկը Սերգօ Պոյաճեանն էր։ 1967-ին «Միհրան Փափազեան» Կոմիտէն կ“առաջացնէ Մոնթրէալի Հայ Դատի առաջին յանձնախումբը, որուն պաշտօնական ներկայացուցիչը եղած է Սերգօ Պոյաճեան: 1968-ին կը գնուի նոր հողաշերտ մը Olivar Asselin փողոցին վրայ, կառուցելու համար Հայ կեդրոնն ու Սուրբ Յակոբ եկեղեցին, որուն 16 խաչերու կնքահայրերէն մէկը կրկին Սերգօն էր։ Ան նաեւ տարիներ շարունակ եղած է Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անդամ:

1977 Յունուար 29-ին ան կը կազմէ իր ընտանիքը՝ ամուսնանալով Արժանթինէն օրդ. Արշալոյս Պոյաճեանի հետ։

Սերգօն նոյնքան գործօն անդամ եղած է յունական համայնքէն ներս, որուն համար 1990-ին Մոնթրէալի Յունական Առեւտրական Սենեակի վարչութիւնը պարգեւատրեց զինք:

1995 Նոյեմբեր 4-ին տեղի ունեցաւ Համիլթընի նոր Հայ կեդրոնին բացումը, ապա 1998 Հոկտեմբեր 7-ին գնուեցաւ Լաւալի ներկայ կեդրոնը, որոնց ֆինանսաւորումը կարելի եղաւ ապահովել Գանատայի Յունական Ազգային դրամատունէն՝ կրկին Սերգոյի ջանքերով:

2008 Հոկտեմբեր 4-ին Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ յիսնամեակի յոբելինական հանդիսութեան ընթացքին, Սերգօ Պոյաճեան, Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ Տէր Խաժակ Արք. Յակոբեանի ձեռամբ ստացաւ «Յովնան Մանդակունի» շքանշանը: 2011 Ապրիլ 26-ին Մոնթրէալի յունական գաղութը կրկին պարգեւատրեց զինք:

2011-ին Սերգոյի նիւթական աջակցութեամբ նորոգուեցաւ եւ կահաւորուեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» մասնաճիւղի երիտասարդական հաւաքավայրը Հայ կեդրոնէն ներս։

Անգլիոյ թագուհի Էլիզապէթ Բ.-ի թագադրման 60-ամեակին առթիւ, թագուհիին հրամանով եւ Գանատայի ընդհանուր կառավարիչ David Johnston-ի միջոցաւ, 19 Փետրուար 2013-ին, St-Laurent Cartierville շրջանի Գանատայի խորհրդարանի երեսփոխան Stephane Dion-ի ձեռամբ Սերգօն պարգեւատրուեցաւ ադամանդեայ մետալով եւ գնահատագրով: Ան քանիցս պարգեւատրուած է պետական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու կողմէ:

Ընկեր Սերգօ տարիներ շարունակ ծառայած է ՀՅԴ «Միհրան փափազեան» կոմիտէութեան, ՀՄԸՄ-ին, Համազգայինին, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ եւ ՀՕՄ-ին, իրենց հիմնադրութեան առաջին օրերէն իսկ:

Ան իր աչքերը յաւիտենապէս փակեց 14 Յունուար 2019-ին:

Վ.Ք.

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.