Սիտնիի մէջ կը տեղադրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած խաչքար
1585
0
Նոյեմբեր 8-ին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի (Սիտնի) քաղաքին մէջ, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանի բարձր հովանիի ներքոյ տեղի կ’ունենայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած Յիշատակի խաչքարի բացման եւ օրհնութեան արարողութիւն:
Այս մասին «Հայերն այսօրը» կը տեղեկանայ Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ ֆէյսպուքեան էջէն:
Ձեռնարկը պիտի իրականացուի Սիտնէյի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ եւ Ուիլոուպի քաղաքային խորհուրդի համագործակցութեամբ:
Աւելցնենք, որ 2015 թուականի Մայիսին Աւստրալիոյ Ուիլոուպի քաղաքի քաղաքային խորհուրդը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ ընդունած էր: