Փորձ՝ բնորոշելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան մշակութային դերը


ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

Փարիզ, 1 Մայիս 1932

Հսկայ լուսարձակի նման, որ պայծառութիւն կը մտցնէ անծիր տարածութիւններու վրայ, կը պատռէ գիշերը, այդպէս ալ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իննսունական թուականներու թանձր խաւարէն, մշակութային յոյլ թմբիրէն, հանրային կեանքի ճախճախուտէն՝ հանած է դուրս հայկական բարձրաւանդակը ու զայն վերստին կոչած է հայրենի ոգեւոր ու տենդահար կեանքի, մտաւոր բարձր խանդավառութեամբ:

Կը բաւէ քրքրել ուրեմն, նոյնիսկ հապճեպով, հայ ժողովուրդի վերջին յիսնամեակի պատմութիւնը, համոզուելու համար, որ հայ հանրային կեանքի ծփուն, անողնայար ու տարտամ հոսանքներէն՝ յստակօրէն կ’անջատուի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը նաեւ իբրեւ հզօր, մշտանորոգ ու մշակութային ազդակ:

********

Երբ ամբողջ ժողովուրդ մը թանձր տգիտութեան, բարոյական թշուառութեան, բռնութեան մութին մէջ կը սողայ, ինչպէս հայոց ժողովուրդը ամբողջ տասնութերորդ դարուն, երբ զանգուածներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զուրկ է իմացական լոյսէ, երբ գերի է քաղաքականապէս, կոյր է ու հաւատարիմ՝ ի՛նչ որ «աստուածային» թունաւոր կրօնքի, երբ բռնութիւնը, գործադրուած իր մարմինին իսկ վրայ, կը թուի եթէ ոչ բնական՝ գէթ հանդուրժելի ու յաճախ երբ գիտակցութիւնն իսկ չունի իր անյատակ թշուառութեան՝ վանքերու առանձնութեան մէջ տժգունօրէն ցոլացող սրբազան գրքերու վրայ հակած բոլոր մատենագրութիւնները — որքա՜ն ալ համբուրելի ըլլան այսօր ու ե՛ն անտարակոյս՝ որպէս նշխարներ — չեն կրնար ու չեն, ժողովուրդի մը ամբողջական, հարազատ ու իրական մշակոյթը: …Երբ ակներեւ խզում կայ ժողովրդական զանգուածներու եւ պաշտօնական դպրութեանց միջեւ …չեն կրնար ըլլալ ու չեն՝ ժողովուրդի մը ամբողջական, հարազատ ու իրական մշակոյթը:

Կը կրկնենք, որքան ալ անգին, համբուրելի ըլլան այս բոլորը, որպէս անցեալի ժառանգութիւն — մշակոյթ չեն ու չեն կրնար ըլլալ:

Ու անտարակոյս դպիրներ են միայն, լուսանցքի վրայ բանաստեղծներ, գրադարանի գիտուն մուկեր, շրջուն մատենագրութիւն ու մարմին առած հմտութիւն՝ բոլո՛ր նախորդ սերունդներուն այն յուզիչ դէմքերը, եթէ միայն այս բոլորը ունեցած են որպէս դրամագլուխ ու ո՛չ նաեւ աւելի բան մը, բան մը, որ նախապայմանն իսկ է որեւէ մշակոյթի:

Ո՛չ, մշակոյթ չէ նորին մեծութիւն հմտութիւնը առանձին:

Մշակոյթ չէ կ’ըսեմ, գեղեցիկ դպրութիւնը առանձին:

Ո՛չ, միայն բանաստեղծները, ուսուցիչներն ու այլ կարգի մտաւորականները չեն, որ կրողն են որեւէ մշակոյթի:

Այլ ինքը ժողովուրդն է, հայրենի հողերուն վրայ աշխատող, տառապող, ստեղծագործող բազմութիւնը, որ հաւաքականօրէն կը ստեղծէ իր մշակոյթը եւ նուաճումէ նուաճում կը տանի զայն:

Ու որպէսզի որեւէ մշակոյթ ստեղծուի, հարկ է որ մասնակցի այն ընդհանուր երկունքին ամբողջ ժողովուրդը, իր բոլոր մասերով: Հովիւը՝ իր սրինգին վրայ փչէ իր եղանակը ու Հայր Կոմիտասը հաւաքէ զայն. մաճկալը հիւսէ որեւէ տաղ, երգէ ցորենին բարութիւնը ու Դանիէլ Վարուժանը կերպարանափոխէ զայն ու տայ «Հացին երգը»: Հարկ է որ մարտիկը թափէ իր արիւնը յանուն գիրի բազմութեան ու բազմահազար շինականներ այլեւս զարթուն, ու այլեւս ըմբոստ, թօթուեն բռնութեան անուրը՝ որպէսզի պատմութեան յատակէն ու մայր ժողովուրդի երանգներէն ծնի Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը: Հարկ է որ այս վերջինը, որպէս հսկայ սերմնացան… ափերը պարզած կարմիր հողերուն, տարածէ, անդրդուելի յամառութեամբ մը, բոլո՛ր սեպուհ գաղափարներուն ազնիւ հունտերը: Որպէսզի այսօր որբերու ամբողջ սերունդ մը, ճղակոտոր այլ հպարտ, փարի սրտառուչ սիրով մշակութային տարրերու, դեռ չամբողջացած մշակոյթի մը, որ հայրենի հողին հետ, մեր միակ վաւերական հարստութիւնն է:

Ու հոս է ահա՛ որ կը յայտնուի տարբերութիւնը: Ու հոս է ահա՛ որ կ’երեւի Հ.Յ.Դաշնակցութեան հսկայ դերը: Ու հոս է ահա՛ որ մարդ կը զգայ այդ աւելի բանին բացառիկ կարեւորութիւնը:

Ու ի՞նչ է այդ տարբերութիւնը, ի՞նչ է այդ աւելի բանը:

Ատիկա նախ՝ սերտ, կարելի է ըսել կազմախօսական ու բնական կապն է, ամբողջական համերաշխութիւնը, ծնողէ դէպի ծնուած ու արարածէ դէպի արարիչ եղած յարաբերութիւնը, որ պէտք է գոյութիւն ունենայ ժողովուրդին եւ իր մշակոյթին միջեւ: Պէտք է որ ժողովուրդը հաւաքականօրէն ու ծանր երկունքով ծնունդ տայ անոր ու ան իր բարձրագոյն ձեւերուն մէջ — ըլլայ ընդհանրական բարիք, տէրունական հաց ու արիւն ու հաւասար սիրով բաշխուի մակընթաց սերունդին — աղքատի ու հարուստի զաւակներուն: Հարկ է որ բոլոր արթնցող իմացականութիւններուն առջեւ բաց ըլլան՝ բոլոր ճամբաները: Բոլո՛ր նուիրապետութիւններն ու փոքրամասնութեանց մենաշնորհները ջնջուին, նաեւ դրամը չդառնայ միջակութեան գերակշռութեան գործիք: Արդ, եթէ դուք քննէք Կ. Պոլսոյ հայ հանրային կեանքը, ամիրաներու ու էֆէնտիներու իշխանութան շրջանին, պիտի համոզուիք, որ նախ Հայկական Բաձրաւանդակին վրայ թմբիրի մէջ էր հայ մշակոյթը, երկրորդ՝ ժողովուրդին եւ յայտնի «մտաւորականութեան» միջեւ խզուած էր գրեթէ կապը, երրորդ՝ պաշտօնական «մշակոյթ»ը անամորձիք, տժգոյն բան մըն էր, զրկուած՝ լայն զանգուածներու տաք աւիշէն ու բանտարկուած մատենադարաններու մէջ:

Ահա՛ հոս է որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը կատարեց իր անփոխարինելի դերը: Մէկ կողմէն եղաւ անխոնջ տարածիչ, միւս կողմէն՝ արթնցնելով ժողովուրդը՝ զայն մղեց սրբազան ստեղծագործութեան, որոնումի եւ աշխատանքի:

Տարածելով աննկուն ու խենթ քաջութեամբ Յեղափոխութեան առաջին կայծերը, ան մաքրեց հայ մշակոյթը իր սկզբնական, ադամական արատէն: Որովհետեւ ի՛նչ ալ ըսուի, ժողովրդական զանգուածներու փաստական ազատագրական պայքարը՝ կը սկսի Հ.Յ.Դաշակցութեան հանդէս գալէն յետոյ: Ու որովհետեւ ամէ՛ն բանէ առաջ ու մանաւանդ՝ հաւաքականութեանց ու անհատներու համար կեցուածք մըն է մշակոյթը, ազատ, ինքնօրէն ու որոնող մարդոց հաւաքականութեանց կեցուածքը՝ աշխարհի բոլոր հրատապ խնդիրներուն առջեւ: Դաշնակցութիւնը ուսուցանելով ժողովուրդին, որ բռնութեան տապալումն ու ազատութեան յաղթանակը նախապայման են, ատո՛վ իսկ հանդիսացաւ հայ մշակոյթի հարազատ ներշնչարանն ու տարածիչը:

ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

Փարիզ, 1 Մայիս 1932


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.