Թուրքիոյ Եւրոմիութեան նախարարը յայտարարեց, որ 1915-ին հայեր կոտորածի ենթարկուած են
Marmara – Թուրքիա մինչեւ 11 Նոյեմբերի արտակարգ ընտրութիւններ պիտի ղեկավարուի անցումային կառավարութեամբ եւ յայտնի է, որ տարբեր կուսակցութիւններէ եւ անկախ երեսփոխաններէ բաղկացեալ այս նոր վարչակազմի հետ դիւրին պիտի չըլլայ վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի գործը:
Երէկ նորակազմ կառավարութիւնը իր անդրանիկ նիստը գումարեց, իսկ ժողովի աւարտին նախարարները առաջին պաշտօնական յայտարարութիւնները ըրին մամուլին:
Անոնցմէ մէկն էր կառավարութեան կազմի մէջ Եւրոմիութեան նոր նախարար եւ բանագնաց քրտամէտ HDP-ի անդամ Ալի Հայտար Քոնճա, որ յայտարարեց, թէ 7 Յունիսի ընտրութիւններուն յաջորդող զարգացումները պարտաւորիչ դարձուցին անցումային կառավարութեան մը հիմնումը: HDP կուսակցութիւնն ալ, արժեւորելով իրավիճակը, որոշեց իր ներկայացուցիչները ունենալ վարչակազմին մէջ: Ըստ նախարարին, HDP կը հաւատայ, որ երկրի մէջ առկայ հարցերը պէտք է իրենց լուծումը գտնեն ժողովրդավար սկզբունքներով ու այդ պատճառով է, որ բացէ ի բաց կոչ կ’ուղղեն. զէնքերը պէտք է լռեն, զէնքերը պէտք է թաղուին: «Ո՛չ թէ բռունցքները սեղմելով, այլ երկխօսութեամբ պէտք է գտնել հաշտութեան ճամբան: Եթէ այդպէս շարժինք, կրնանք Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ճախճախուտէն ձերբազատիլ» ըսաւ նախարար Քոնճա:
Նախարարը իրեն ուղղեալ բազմաթիւ հարցումներու կարգին, յստակ արտայայտութիւններով պատասխանեց նաեւ այն հարցումին, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ իր դիրքորոշումը, եթէ օրակարգի նիւթ դառնան 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայկական պնդումները: Ալի Հայտար Քոնճա կարճ ու բացէ ի բաց ըսաւ. «Կարծեցեալն ու իրականը որեւէ տարբերութիւն չունին. բացորոշ ու յստակ է, որ կոտորած մը գործադրուած է: Այս իրողութիւնը բոլորն ալ կ’ընդունին: Բուն հարցը այս իրողութիւնը ճանչնալու կէտի շուրջ համախմբուիլն է: Այս մասին պիտի խօսինք մեր կուսակցութենէն ներս եւ պիտի ճշդենք մեր դիրքորոշումը»: