Մշեցի Իպրահիմը…. հայ է
Ան չէր գիտեր, որ հայ է…
Ցեղասպանութեան հետեւանքով իսլամացած հայերու մասին շատ լսած էր, բայց չէի հանդիպած: Չէի գիտեր, որ օր մը կրնամ հանդիպիլ, այն ալ` Հայաստանի մէջ:
Իպրահիմին ծանօթացայ Համահայկական 6-րդ խաղերու ժամանակ: Ընդհանուր ծանօթի միջոցով իմացայ, որ ծագումով հայ է եւ որոշեցի հանդիպիլ: Իպրահիմը յուզուեցաւ, երբ իմացաւ, որ կը ցանկամ զրուցել հետը, յատկապէս, երբ իմացաւ, որ Արցախէն եմ:
Իպրահիմ կ’ապրի Մուշի մէջ,ամուսնացած է, ունի 3 զաւակ: Ինչպէս ան կը պատմէ` քանի մը տարի առաջ իմացած է, որ հայ է: «Մենք միշտ որպէս քիւրտ ապրած ենք, ծնողներս երբեք չեն ըսած, որ մենք հայ ենք, երեւի վախէն կամ մէկ այլ պատճառով լռած են:
Սակայն Մուշի մեծ տարիքով քիւրտերը շատ լաւ գիտեն, թէ Մուշի մէջ ով ինչ պատմութիւն, ինչ ծագում ունի: Անոնցմէ ալ շատ պատահական իմացայ, որ ծնողներս հայ են, հարցուցի` ծնողներս չժխտեցին»,- կը պատմէ Իպրահիմը եւ կ’աւելցնէ, թէ պարզած է, որ իր նախնիները Սասունէն գաղթած են Մուշ: Ցեղասպանութենէն փրկուելու համար` իսլամացած են, ապրած են քիւրտերու հետ որպէս քիւրտ:
Իպրահիմ կը խօսի քրտերէն, քանի մը հայերէն բառեր գիտէ միայն, որ ինքնուրոյն սորված է: Անոր կը թարգմանէր ընկերը, որ Սթամպուլէն է եւ հայերէն աւելի լաւ գիտէ:
«Մեծհօրս անունը եղած է Սագօ Սարգսեան,- կ’ըսէ Իպրահիմ,- ինծի համար ցնցող էր, երբ իմացայ ծագումիս մասին: Հաւատալ չէի կրնար: Որոշեցի` հայեր փնտրել, հայերէն սորվիլ»:
Իպրահիմը իմացաւ, որ Մուշի մէջ կը գործէ «Տարօն-Մուշ» հայկական միութիւնը եւ միացաւ միութեան: Միութիւնը կոչուած է համախմբելու տեղի հայերը, պահպանելու անոնց հայեցիութիւնը, չգիտցողներուն հայերէն ու հայոց պատմութիւն ուսուցանելու: Իպրահիմ այնտեղ առաջին անգամ հայերէնին ծանօթացաւ եւ հիմա քանի մը բառեր, քանի մը պարզ նախադասութիւններ գիտէ:
«Տարօն-Մուշ» միութիւնը Համահայկական խաղերուն մասնակցած է ֆութպոլային խումբով, Իպրահիմն ալ խումբի կազմին մէջ հանդէս եկած է: «ճիշդ է` խումբը յաջողութիւն չունեցաւ, բայց ես ուրախ եմ, որ առաջին անգամ Հայաստան եկայ: Ես այցելեցի Գառնի ու Գեղարդ: Գեղարդը մեծ տպաւորութիւն գործեց վրաս, յուզումս անհնար էր թաքցնել: Ատիկա մեր պատմութիւնն է, ատիկա նաեւ իմ ու իմ նմաններու պատմութիւնն է, որուն մասին չէի գիտեր, որ նոր գտայ…»:
Իպրահիմ կը պատմէ, որ Մուշի մէջ շատ կան իսլամացած, ծպտեալ հայեր ու անոնցմէ շատերուն կը ճանչնայ անձամբ: Անոնցմէ շատերը նոր իմացած են իրենց հայկական ծագման մասին, որովհետեւ նախնիները թաքցուցած են իրենցմէ: «Քիւրտերու շրջապատին մէջ շատ դժուար է որպէս հայ մնալը»,- կ’ըսէ ան:
Իպրահիմ երկու հօրեղբայր ունի, մեծ հօրեղբայրը 125 տարեկան է: «Երբ գիտցայ, որ հայ եմ, հարցուցի հօրեղբօրս, եւ ան պատմեց, որ ինք տեսած է Ցեղասպանութիւն, կը յիշէ` ինչպէս կ’աւերէին, կը սպաննէին, կը թալանէին, կը խարազանէին. բան չէին խնայեր»,- կը պատմէ զրուցակիցս եւ կ’աւելցնէ. «Երեւի նման հայերը հրաշքով փրկուած են, բայց անոնց չենք մեղադրեր, անոնք ստիպուած էին ծպտեալ ապրիլ»:
Իպրահիմ երկար չխօսեցաւ, կ’երեւէր, որ կը յուզուի հայերէն չգիտնալու պատճառով: Ան ըսաւ, որ այլեւս իրեն որեւէ բան չի բաժներ Հայաստանէն, յաջորդ անգամ կնոջն ու երեխաներուն ալ պիտի բերէ…
Հերմինէ Աւագեան
aparaj.am