Ընկեր Հրայր Մարուխեանի Կտակին Այժմէական Թելադրականութիւնը (Մահուան 20-րդ Տարելիցին Հետքերով)
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ
Ձեռնարկի մը աշխատանքներու յորձանուտին մէջ ալ աւելի ամրագրուեցան համոզումներս տարաբախտ մեր ընկերոջ` Հրայր Մարուխեանի անմնացորդ ծառայութեան կարեւորութեան ու ազգային-կուսակցական կեանքին մէջ իր ունեցած առանցքային դերակատարութեան մասին: Ձեռնարկի յայտագիրին ընդմէջէն սոսկ մահուան 20-րդ տարելից յիշատակելու հարց չունեցանք մեր մտքին մէջ, յաւուր պատշաճի պարտք տալու համար չներկայացանք: Փնտռտուքը` կորսուած ինքնութեան մը ու զայն վայելած չըլլալու ափսոսանքը մեզ մղեցին ոչ շատ հեռու պատմութեան էջերուն մէջ որոնել մեր դիմակայած այժմու մարտահրաւէրներուն պատասխանը: Այլ հայորդիներու յիշատակարանը թերթատելով, հոն անթեղուած դէպքերու ու դրուագներու արտահանումով եւ անոնց պատշաճ ներկայացումով` ազգային, կուսակցական, կազմակերպական պատուանդանը աւելի հզօրացնելու ու տոկուն դարձնելու ազնիւ դիտաւորութիւնը մեր սեւեռակէտը դարձուցինք: Վերջապէս, փորձեցինք մեր շրջապատը ներշնչել եւ կրկին լիցքաւորել մօտիկ անցեալին ճառագայթող մեծ հայու դաշնակցական խոյանքով:
Ապա ներկայացումներուն ընդմէջէն ընդգծուած ձեւով տեսանք, թէ ինչպէ՛ս դաշնակցական հաւաքական ղեկավարութեան գործելաոճը կը նուիրագործուի` հեռու պահելով ղեկավարման ձեւաչափը` եսակեդրոնէն: Թէ ինչպէ՛ս պատասխանատու ընկեր մը, մեկնած այդ հասկացողութենէն, կ՛առաջնորդէ զանգուածները ու կը բոցավառէ խամրած հոգիները: Այսպէս, հաւաքական ղեկավարման եղանակին մէջ, չափով մը, ղեկավարի սեփական դրոշմը կը հունաւորէ որոշումի գործնականացումը: Խօսքին, արտայայտութեան ձեւին ու որոշումի գործնականացման ու աշխատանքի դասաւորումներուն կու տայ հատու երանգ: Անկասկած որոշումի հասնիլը պէտք է համարուի համայնական քննութեան իրաւունք, զոր կը պատկանի համապատասխան մարմինին կամ ժողովին: Որոշումը գործադրելու ու զայն հանրային ընդունելի հանգամանքի վերածելու հրամայականը ազդեցիկ հնչեղութիւն ունենալու, աւելի հաղորդական ու անմիջական ըլլալու համար կ՛երանգաւորուի ղեկավարին դրոշմով, սեփական ճաշակով ու ինքնատիպ վարքով եւ կը թափանցէ տուեալ շրջապատին կամ ընկերութեան մէջ այնպիսի ձեւով մը, որ իւրացուի մեծամասնութեան կողմէ ու բոլորին համար համոզում դառնայ: Այս բոլորը կը հրամցուին ըստ պահու թելադրականութեան, երբեմն խստաբարոյ, երբեմն մեղմ եղանակով` յագուրդ տալով հանրային սպասումներուն: Նմանատիպ ղեկավարման արուեստին քաջածանօթ էր ընկ. Մարուխեանը ու իր բարձրորակ իմացականութեամբ զայն դարձուցած էր իր ուղենիշը:
Նենգ դասաւորումներով, երբ իր դաշնակցական «ես»-ը խոցուեցաւ, երբ փորձուեցաւ իրմէ խլել ծոցին մէջ ծնած, մատղաշ ու այնքա՜ն խնամքով փայփայած դեռատի պետականութեան կազմաւորման պերճանքը վայելելու պատեհութիւնը` «մեծ երազի» փաստարկը, բոլորին ուշադրութիւնը հրաւիրեց Հայաստանի պետականութեան վարկն ու հայրենիքին շահերը գերակշիռ համարելու հրամայականին վրայ: Այդ օրերուն, հակառակ ընկերական շարքերու մեծամասնութեան այն տեսակէտներուն, որոնք կ՛առաջադրէին հակազդող կարծր կեցուածք, «մարուխեանական» խոհականութիւնը վարակիչ հանգանակ դարձած` յաղթանակեց: Այսպիսով, նախագահական խնդրայարոյց հրամանագիրը, որ կը փորձէր ջրբաժան ստեղծել դաշնակցական ընտանիքին մէջ, վիժեցաւ` յանձինս դաշնակցական ընտանիքի արթնամտութեան եւ ընկեր Հրայրի ողջմտութեան: Վերջապէս, հայրենիքին խնայուեցաւ բարդ իրավիճակներ ապրելու ոչ նախանձելի կացութեան յառաջացումը, որ կրնար վտանգել մատղաշ Հայաստանի կայունութիւնը` խոցելի դարձնելով անոր ազգային անվտանգութիւնը:
Միայն տիտանները կրնան նման հոգեվիճակներու յառաջացուցած ճնշուածութեամբ չկաղապարել իրենց որոշումները եւ սոսկ հակազդողի դիրքերէ չառաջնորդել հասարակութիւնը: Ընկեր Մարուխեանը կացութիւնները արագ ընկալելու եւ կուռ տրամաբանութեամբ արժեւորումներ կատարելու ունակութեամբ զրահապատուած` դաշնակցական ղեկավարի իւրայատուկ վայելչութեամբ կ՛արձագանգէր տուեալ հարցին ու համապատասխան լուսաւոր ելքեր կ՛ուրուագծէր անել իրավիճակներէն ու փակուղիներէն դուրս գալու համար` միշտ դաշնակցական կողմնացոյցը աչքին առջեւ ունենալով:
Ան օրինակելի առաջատարը հանդիսացաւ` հայկական քաղաքական բոլոր ուժերուն ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները համայնական մէկտեղումի մը հասցնելու, միշտ առաջադրեց լաւագոյնին վստահիլ հանրային գործն ու պաշտօնը` առանց հատուածական մօտեցումի, նոյնի՛սկ վեհանձնութիւնը ունենալով ձեռք երկարելու անոնց, որոնք ամէն առիթ կ՛օգտագործէին երկարած այդ ձեռքը անճիտելու ու միասնութեան տեսլականը վիժեցնելու:
Իր վարչական, մտաւորական ու քաղաքական գործիչի բարեմասնութիւնները կենսատու պահելով` զանոնք շաղախած էր դաշնակցականի յեղափոխական աւանդներով եւ մարտունակութեամբ, որոնք կը դրսեւորուէին իր գաղափարական խստաբարոյ անզիջողականութեամբ: Գալով քաղաքական արեւելումին` անիկա Մարուխեանի մօտ միշտ պայմանաւորուած ու զուգորդուած էր դաշնակցական աւանդոյթով` խարսխուած դաշնակցական պատմական փորձէն ժառանգուած անսպառ սկզբունքներու վրայ:
Ղեկավարի սահմանումը կը տարուբերի: Դաշնակցութեան պարագային, ղեկավարին մէջ առաւելաբար խտացուած պէտք է տեսնել անմնացորդ նուիրում, անանձնական վարքագիծ` օծանուած գաղափարական յանդուգնութեամբ ու հաւատարմութեամբ: Այսպէս, ընկեր Հրայրի քաղաքական-ռազմավարական խոհեմութիւնը, կազմակերպական հզօր անհատականութիւնը, ընկեր Զէյթլեանի` գաղափարի մարտիկի անհատնում շունչը, ընկեր Տասնապետեանի պեղող ու հետազօտող անաչառ գրիչը բոցավառեցին մատղաշ սերունդներուն հոգիները, ու շատե՜ր այդ եռեակը համարեցին վաղ անցեալի նուիրեալներու վերապրող շառաւիղները, անհուն բանակի հսկաներուն` Քրիստափորին, Զաւարեանին, Նաւասարդեանին, Ջամալեանին ու Վարանդեանին նման մեծութիւններ: Այսպէս, ընկ. Հրայրն ու իրեն միացած գործընկեր ու ղեկավար շրջանակը շատերու համար ուղղորդող կարեւորութիւն ունեցաւ: Անոնք` դաշնակցական իրենց օրինակով երիտասարդ կուսակցականներու դաշնակցականի կազմաւորման գործընթացը կռանելով` յաջողեցան դաշնակցական աւանդութիւններու ժառանգութիւնը ամրագրել երիտասարդ ուխտեալներու հոգեմտաւոր աշխարհին մէջ:
Ընկեր Մարուխեան ուրիշը ընդունելու ու հանդուրժելու հանդարտաբարոյ նկարագիրով օժտուած էր: Ան կ՛ունկնդրէր ու կը զրուցէր մեծին ու փոքրին, նորեկին ու աւագին, հանրայայտին ու ռամիկին հետ, ջանալով քաղել դրականը իր զրուցակիցէն, ջանալով իր սեփական փորձին ընդմէջէն դաշնակցական երանգը վառ պահել: Միւս կողմէ, յարգելով այլախոհ մտաւոր թռիչքները, երբեմն նոյնիսկ արտառոց, ոչ համընկնող մտածողութիւնները, անոնց արտայատուելու առիթ կու տար դաշնակցական մամուլին մէջ` թելադրելով համապատասխան ուղղորդող խմբագրականներով կամ պատասխան յօդուածներով ճշդել «Դաշնակցական ուղին»: Այս ամէնը ի գործ դնելով հանդերձ, կը ծառանար, երբ վտանգուած կ՛ըլլար կազմակերպական կուռ պատուանդանը: Ան շեշտակի նախանձախնդրութեամբ պահապան էր դաշնակցական աւանդութեանց, եւ հանդուրժողականութիւնը պայմանաւորուած էր կուսակցական կարգապահութեամբ: Կը հաւատար, որ դաշնակցական ժողովի ներքոյ` ինքնաքննադատութիւնը եւ ինքնախարազանումը` ինքնաճանաչութեան բանալի ազդակ է եւ ինքնամաքրման ու տեսակէտներու բիւրեղացման կ՛առաջնորդէ` մինչ վերջնական որոշումի յանգումը:
Սփիւռքեան սերունդներու դաստիարակութիւնն ու կազմաւորումը`առաւելաբար խարսխուած էր ազգապահպանման, սգատօներու ոգեկոչման, գաղթօճախներու կարիքները հոգալու խնդիրներուն վրայ: Աւելի ուշ պահանջատիրութեան ու Հայ դատի աշխատանքներուն շուրջ կը բոլորուէին սերունդներու ազգային կիզակէտերը: Հասաւ հանգրուան մը, երբ Դաշնակցական ընտանիքին համար անխուսափելի հրամայական էր նոր աւիշ սերմանել ու ականջալուր ըլլալ արդի ժամանակներու բազկերակին: Դաշնակցական ժողովներով նուիրականացուեցաւ այդ բարենորոգչական անկիւնդարձը: Անոնց գործադրութեան յանձնարարականները վստահուեցան ընկեր Մարուխեանի դաշնակցականի տեսլականին ու իր գործընկերներու աներկբայ դերակատարութեան: Ընկեր Հրայր եւ իր ընկերները եղան այն հեղինակութիւնները, որոնք դարձան ջերմեռանդ ջատագովները սերնդափոխութեան եւ գաղափարական վերանորոգման շարժումին առաջամարտիկները` շուռ տալով ընկալեալ ճահճացած սովորամոլութիւնը, թանձրացած աշխատանքային միապաղաղութիւնը, նոր մտածողութեամբ համակելով դաշնակցական շարքերը, կազմակերպական վերանորոգ շունչով կենդանութեան կենարար նոր աւիշ տալով ամլացած պահպանողական մտայնութիւններուն: Չխուսափելով հրապարակային սուր բանավէճերէ` «Դաշնակցական բեմ»-ին ընդմէջէն մամլոյ դիւանի նորաստեղծ կառոյցով, ականջալուր ըլլալու նորանոր մտքերու ու իրենց Դաշնակցական փորձովը զանոնք ուղղորդեց յօգուտ գաղափարներու բիւրեղացման ու դաշնակցական որոշումի ամրագրման:
Հնամենի օրինաչափութիւններու կարգը փոխուեցաւ, ու այդ հոյլ մը նուիրեալները յաջողեցան առաւել ե՛ւս զարթնեցնել պետական մտածողութեան վարժութիւնը ունենալու կարեւորութիւնը, թէկուզ` առանց ազատ, անկախ հայկական պետականութեան իրաւական ներկայութեան: Երբ ազատ ու անկախ հայրենիքի գաղափարը կրկին միս ու ոսկոր ստացաւ, տակաւ առ տակաւ վերընձուղուեցաւ դաշնակցական քաղաքական մտածողութեան մէջ պետական համակարգի մէջ գործելու ունակութիւնը: Այլեւս հարկաւոր էր բոլոր ազգային գերխնդիրները բացատրել, դիտել եւ հասկնալ ազատ, անկախ ու ինքնիշխան հայրենիքի ու պետականութեան տարազին ներքոյ: Կրկին Դաշնակցական ընտանիքին մէջ կեանք առաւ անթեղուած գործօնը` ինքնիշխան պետական քաղաքական մտածողութեամբ գործելու հրամայականը: Դաշնակցական քաղաքական միտքը կրկին ուրուագծեց ու զուգորդեց այս հանգամանքը` դաշնակցական դաստիարակութեան այբուբենին, հաշուի առնելով անոր բոլոր նախադրեալները, ի մասնաւորի` ազգային անվտանգութեան ու սեփական հայրենիքի հողային տարածք պահպանելու գերխնդիրները: Դաշնակցականի քաղաքական տեսադաշտը սոսկ նեղ տարածքի սահմաներէն դուրս գալով ` պիտի ընդարձակուէր ու պարփակէր ամբողջական ազգ ու ամբողջական անկախ հայրենիքը յաւերժական արժեհամակարգի պահպանումը` հաշուի առնելով տարածաշրջանային ռազմա-քաղաքական զարգացումներու հոլովոյթը:
Ընկեր Մարուխեանին ներդրումը այդ իմաստով անուրանալի է: Իր անմնացորդ կտակը` պէտք է պահպանելու իր տեսակը պէտք է ըլլայ վարակիչ:
Ընկ Էդիկ Յովհաննիսեան իրաւացի էր, երբ ընկեր Մարուխեանին մասին դամբանական խօսքը կ՛աւարտէր` ըսելով. «Ինչ կ՛ասէր ընկեր Հրայրը այսօրուան խնդիրների մասին»:
Ազգովին` ականջալուր պիտի ըլլանք այդ անժամանցելի թելադրականութեան:
Թորոնթօ