Ջաւախքի Մէջ Բացումը Կատարուած Է Աշուղ Ջիւանիի Տուն–Թանգարանին


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Ջաւախքի Կարծախ գիւղին մէջ բացումը կատարուած է աշուղ Ջիւանիի տուն-թանգարանին, որուն հիմնարկէքի արարաղութիւնը տեղի պիտի ունենայ 25 Յուլիսին: Հայ աշուղական երգարուեստի վարպետին 170ամեակին առիթով տուն-թանգարանը իր դռները պիտի բանայ 2016 թուականի ամրան: Տուն-թանգարանի հիմնումին նախաձեռնած է «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնադրամը: Այս մասին կը տեղեկացնէ javakhkmedia.com կայքը:

Շարք մը հասարակական-մշակութային գործիչներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու եւ երաժիշտներու մասնակցութեամբ կազմուած համապատասխան յանձնաժողովը կը կատարէ տուն-թանգարանին անհրաժեշտ ցուցադրական նիւթերու, Ջիւանիի ձեռագիրներու, երաժշտական գործիքներու, լուսանկարներու, անձնական իրերու հաւաքագրման գործընթացը:

Տուն-թանգարանի ճարտարապետական եւ շինարարական նախագիծերը կազմած են «ԱՇՆ փրոճեք»չ ճարտարապետական արուեստանոցի մասնագէտները Հայաստանի վաստակաւոր ճարտարապետ Յովհաննէս Մութաֆեանի գլխաւորութեամբ:

Թանգարան դարձնելու նպատակով Ջիւանիի հայրական տունը հիմնադրամին նուիրած է Կարծախ գիւղի արժանաւոր զաւակ Սպարտակ Բանգոյեանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.