15 Յունիս. Հայաստանի պետական խորհրդանիշներու տօնական Օրը


Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան տօ­նա­ցոյ­ցը հաս­տա­տող 1995ի Հիմ­նա­կան Օ­րէն­քը նա­խա­տե­սած չէր, որ տօ­նա­կան Օր մը յատ­կա­ցո­ւի Հ.Հ. պե­տա­կան խորհր­դա­նիշ­նե­րուն՝ Ե­ռա­գոյն Դ­րօ­շին, Հիմ­ներ­գին եւ Զի­նան­շա­նին հա­մար։

Թէեւ 1918ի Մա­յիս 28ին կեր­տո­ւած Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ե­րեք գլխա­ւոր պե­տա­կան խորհր­դա­նիշ­նե­րը ի­րո­ղա­պէս վե­րա­կանգ­նո­ւե­ցան եւ որ­դեգ­րո­ւե­ցան 1988ի Ար­ցա­խեան Շար­ժու­մէն եւ Հա­յաս­տա­նի վե­րան­կա­խա­ցու­մէն՝ 1990-1991ի դա­րա­կազ­միկ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն ետք, այ­դու­հան­դերձ հարկ ե­ղաւ սպա­սել մին­չեւ 2009 թո­ւա­կա­նը, որ­պէս­զի նաեւ օ­րի­նա­կա­նօ­րէն եւ պաշ­տօ­նա­պէս հաս­տա­տո­ւի Հ.Հ. Պե­տա­կան Խորհր­դա­նիշ­նե­րու տօ­նա­կան Օ­րը։

Նախ՝ «­Մենք» ա­նու­նը կրող Հա­սա­րա­կա­կան Նա­խա­ձեռ­նու­թեան մղու­մով, 2008ին հրա­պա­րակ նե­տո­ւե­ցաւ Հ.Հ. Պե­տա­կան Խորհր­դա­նիշ­նե­րու Օր տօ­նե­լու գա­ղա­փա­րը։ Ա­պա՝ Հ.Հ. կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր հա­ւա­նու­թիւ­նը տո­ւաւ եւ 2009ին կեան­քի կո­չեց ու Հ.Հ. Ազ­գա­յին Ժո­ղո­վի հաս­տատ­ման ար­ժա­նա­ցուց հա­մա­պա­տաս­խան օ­րէնք մը, ո­րու հի­ման վրայ, 2010էն աս­դին, ա­մէն տա­րի Յու­նիս 15ին կը նշո­ւի Հ.Հ. Պե­տա­կան Խորհր­դա­նիշ­նե­րու Օ­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան ու ժո­ղովր­դա­յին հան­դի­սա­ւո­րու­թեամբ։

Այդ­պէ՛ս, ի­րենց հա­մազ­գա­յին նշա­նա­կու­թեամբ եւ խորհր­դան­շած ար­ժէք­նե­րով՝ Ե­ռա­գոյն Դ­րօ­շը, Զի­նան­շա­նը եւ «­Մեր Հայ­րե­նիք» Օրհ­ներ­գը ու­նե­ցան ի­րենց ա­մե­նա­մեայ տօ­նա­կան Օ­րը, ծա­ռա­յե­լու հա­մար հա­յոց սե­րունդ­նե­րու ազ­գա­յին մտա­ծո­ղու­թիւ­նը, հա­յե­ցի ներշն­չու­մը եւ հպար­տու­թիւ­նը ար­մա­տա­ւո­րե­լու վսեմ նպա­տա­կին։

Նոյ­նիսկ քա­ռորդ դար ա­ռաջ, երբ Հա­յաս­տան տա­կա­ւին են­թա­կայ էր խորհր­դա­յին բռնա­տի­րու­թեան, իսկ հայ­կա­կան սփիւռ­քի տա­րած­քին միայն Դաշ­նակ­ցու­թիւնն ու ա­նոր հա­մա­կիր բազ­մու­թիւն­նե­րը սրբու­թեան պէս կը պահ­պա­նէին եւ ազ­գա­յին ա­ռիթ­նե­րով կը պար­զէին Մա­յիս 28ի խորհր­դա­նիշ Ե­ռա­գոյ­նը, կը յի­շեց­նէին Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Զի­նան­շա­նը ու կը հնչեց­նէին «­Մեր Հայ­րե­նիք»ը, ոչ ոք կրնար ե­րե­ւա­կա­յել ան­գամ, որ այս­քան ա­րագ ու ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թե­նէ պի­տի անց­նէին աշ­խարհն ու հայ կեան­քը։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգ­նու­մը ան­խու­սա­փե­լի հռչա­կող եւ լու­սա­ւոր այդ օ­րո­ւան հան­դէպ ա­նե­րեր հա­ւատք ներշն­չող մեր բա­նա­խօս­ներն ան­գամ իբ­րեւ ի­րա­կա­նա­նա­լի ե­րազ կը քա­րո­զէին, թէ պի­տի գար օ­րը եւ մեր սե­րունդ­նե­րը բախ­տը պի­տի ու­նե­նա­յին տես­նե­լու, վա­յե­լե­լու եւ վկա­յե­լու, թէ ոչ միայն խորհր­դա­հայ ու­րա­ցու­մի դա­տա­պար­տո­ւած ու խծբծան­քի ա­ռար­կայ դար­ձած Ե­ռա­գոյ­նը, Զի­նան­շա­նը եւ «­Մեր Հայ­րե­նիք»ը հայ­րե­նի հո­ղի վրայ պի­տի վե­րար­ժե­ւո­րո­ւէին, այ­լեւ՝ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան տօ­նե­րու շար­քին 15 Յու­նի­սը պի­տի նո­ւի­րա­գոր­ծո­ւէր իբ­րեւ Հ.Հ. Պե­տա­կան Խորհր­դա­նիշ­նե­րու Օ­րը։

Հա­յոց նո­րա­գոյն պատ­մու­թեան ա­նի­ւը ա­րագ ու ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թեան իր այս փու­լը թե­ւա­կո­խեց 1988ին, Ար­ցա­խեան Պա­հան­ջա­տի­րու­թեան հա­մա­ժո­ղովր­դա­կան պոռթ­կու­մի բուռն ա­լի­քին հետ, երբ հա­րիւր հա­զա­րա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կա­տա­րո­ւած հա­ւաք­նե­րու եւ ցոյ­ցե­րու տե­սագ­րու­թիւ­նը աշ­խար­հին փո­խան­ցող լրա­տո­ւու­թեանց մէջ յան­կարծ տե­սա­նե­լի դար­ձաւ Ե­ռա­գոյն Դ­րօ­շի ծա­ծա­նու­մը։

Օ­րին ո՛չ ոք կը հա­ւա­տար տե­սա­ծին եւ ի­րա­ւա­ցի զար­ման­քով ու ար­դար հպար­տու­թեամբ բո­լորս հարց կու տա­յինք ի­րա­րու, թէ ճիշդ կը տես­նէի՞նք, ի­րա­պէ՞ս Ե­ռա­գոյնն էր ծա­ծա­նո­ղը հայ­րե­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին ձեռ­քը…

Շու­տով հաս­տա­տո­ւե­ցաւ, թէ ա­յո՛, ճի՛շդ էր, Ե­րա­գոյ՛նն էր։

Ի հե­ճուկս խորհր­դա­յին 70ա­մեայ ամ­բող­ջա­տի­րա­կան լու­ծին, հայ ժո­ղո­վուր­դը հայ­րե­նի հո­ղին վրայ սրբա­զան մա­սուն­քի պէս պահ­պա­նած էր Մա­յիս 28ի եւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան Ա­ւան­դը՝ իր խորհր­դա­նիշ­նե­րով հան­դերձ։

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման քայլ առ քայլ յա­ռաջ­խա­ղաց­քին հետ, ա­ռա­ջին ոս­տու­մը ար­ձա­նագ­րե­ցինք 1990 թո­ւա­կա­նի Օ­գոս­տոս 24ին, երբ Մա­յիս 1990ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ժո­ղովր­դա­յին շար­ժու­մը փայ­լուն յաղ­թա­նակ տա­րաւ եւ, տա­կա­ւին «­Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան»ի ի­րա­ւա­վի­ճա­կով ապ­րող մեր հայ­րե­նի­քին մէջ, նո­րըն­տիր Գե­րա­գոյն Խոր­հուր­դը ըն­դու­նե­ցաւ «­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան դրօ­շի մա­սին» օ­րէնք։ Մէկ օր ա­ռաջ, Օ­գոս­տոս 23ին, Գե­րա­գոյն Խոր­հուր­դը ըն­դու­նած էր Հա­յաս­տա­նի Ան­կա­խու­թեան Հռ­չա­կա­գի­րը, որ «­Հա­յաս­տա­նի Խորհրդա­յին Սո­ցիա­լիս­տա­կան Հան­րա­պե­տու­թիւն» պաշ­տօ­նա­կան խճճո­ւած ա­նո­ւա­նու­մը փո­խա­րի­նեց կարճ ու կտրուկ եւ ի­մաս­տա­լից «­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւն» ա­նու­նով։ 1918ին կեր­տո­ւած Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ւանդ­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու Հռ­չա­կագ­րի ա­ռա­ջադ­րան­քը իր ա­ռա­ջին կի­րար­կու­մը գտաւ մէկ օր անց, երբ Օ­գոս­տոս 24ին ըն­դու­նո­ւե­ցաւ Ե­ռա­գոյ­նը իբ­րեւ պե­տա­կան դրօշ վե­րա­կանգ­նող օ­րէն­քը, որ նաեւ ճշդեց, թէ Հա­յաս­տա­նի «­Պե­տա­կան դրօ­շը ե­ռա­գոյն է՝ կար­միր, կա­պոյտ, նարն­ջա­գույն հո­րի­զո­նա­կան հա­ւա­սար շեր­տե­րով (վե­րե­ւից ներ­քեւ)»:

Այդ օ­րե­րուն հայ ժո­ղո­վուր­դը քայլ առ քայլ կը հար­թէր Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան լիար­ժէք վե­րան­կա­խաց­ման ու­ղին, կը պատ­րաս­տո­ւէր 21 Սեպ­տեմ­բեր 1991ի Ան­կա­խու­թեան հան­րա­քո­ւէին։

Հարկ ե­ղաւ սպա­սել ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս տաս­նա­մեակ, որ­պէս­զի 15 Յու­նիս 2006ին հաս­տա­տո­ւի «Հ.Հ. Պե­տա­կան Դ­րօ­շի մա­սին» օ­րէն­քը եւ իր ի­րա­ւա­կան ամ­րագ­րու­մը ստա­նայ Ե­ռա­գոյ­նին վե­րա­կանգ­նու­մը՝ օ­րէն­քի հե­տե­ւեալ տա­րա­զու­մով.-

«­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դրօ­շը ե­ռա­գոյն է` վե­րե­ւից ներ­քեւ կար­միր, կա­պոյտ, նարն­ջա­գոյն հո­րի­զո­նա­կան հա­ւա­սար շեր­տե­րով: Կար­միր գոյ­նը խորհըր­դան­շում է Հայ­կա­կան Բարձ­րա­ւան­դա­կը, հայ ժո­ղովր­դի մշտա­կան պայ­քա­րը յա­րա­տեւ­ման, քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի, Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան հա­մար: Կա­պոյտ գոյ­նը խորհր­դան­շում է հայ ժո­ղովր­դի ապ­րե­լու կամ­քը խա­ղաղ երկն­քի ներ­քոյ: Նարն­ջա­գոյ­նը խորհր­դան­շում է հայ ժո­ղովր­դի ա­րար­չա­կան տա­ղան­դը եւ աշ­խա­տա­սի­րու­թիւ­նը: Դ­րօ­շի լայ­նու­թեան եւ եր­կա­րու­թեան չա­փե­րի յա­րա­բե­րու­թիւնն է` 1:2ի»:

Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման եւ Մա­յիս 28ի խորհր­դա­նիշ­նե­րուն վե­րար­ժե­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ երկ­րորդ քայ­լը նե­տո­ւե­ցաւ 1991ի Յու­նիս 1ին, երբ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Գե­րա­գոյն Խոր­հուր­դը ո­րո­շում կա­յա­ցուց եւ իբ­րեւ մեր երկ­րի պաշ­տօ­նա­կան պե­տա­կան օրհ­ներգ ըն­դու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան (1918-1920) օրհ­ներ­գը՝ «­Մեր Հայ­րե­նիք»ը, Մի­քա­յէլ Նալ­բան­դեա­նի ծա­նօթ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան հե­տե­ւեալ խմբագ­րու­մով.

Մեր Հայ­րե­նիք, ա­զատ ան­կախ,

Որ ապ­րել է դա­րէ դար

Իր որ­դի­քը արդ կան­չում են

Ա­զատ, ան­կախ Հա­յաս­տան։

Ա­հա եղ­բայր քեզ մի դրօշ,

Զոր իմ ձեռ­քով գոր­ծե­ցի

Գի­շեր­նե­րը ես քուն չե­ղայ,

Ար­տա­սու­քով լո­ւա­ցի։

Նա­յիր նրան ե­րեք գոյ­նով,

Նո­ւի­րա­կան մէկ նշան

Թող փող­փո­ղի թշնա­մու դէմ

Թող միշտ պան­ծայ Հա­յաս­տան։

Ա­մե­նայն տեղ մա­հը մի է

Մարդ մի ան­գամ պի՛տ մեռ­նի,

Բայց ե­րա­նի՝ որ իւր ազ­գի

Ա­զա­տու­թեան կը զո­հո­ւի:

Հայ ժո­ղո­վուր­դի պե­տա­կան եր­րորդ խորհր­դա­նի­շին՝ Հ.Հ. Զի­նան­շա­նին որ­դեգ­րու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 1992ի գար­նան, երբ ար­դէն մի­ջազ­գա­յին օ­րէն­քով ճան­չո­ւած ան­կախ պե­տու­թիւն էր Հա­յաս­տա­նը։

19 Ապ­րիլ 1992ին ըն­դու­նո­ւած «­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կան զի­նան­շա­նի մա­սին» օ­րէն­քով՝ Հ.Հ. Գե­րա­գոյն Խոր­հուր­դին կող­մէ «վե­րա­կանգ­նո­ւել է Հա­յաս­տա­նի Ա­ռա­ջին Հան­րա­պե­տու­թեան (1918-1920թթ.) զի­նան­շա­նը, ո­րի հե­ղի­նակ­ներն են ճար­տա­րա­պետ, Ռու­սաս­տա­նի Գե­ղա­րո­ւես­տի Ա­կա­դե­միա­յի ա­կա­դե­մի­կոս Ա­լեք­սանդր Թա­մա­նեա­նը եւ նկա­րիչ Յա­կոբ Կո­ջո­յա­նը»։

Զի­նան­շա­նի պա­րա­գա­յին եւս Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը 2006ի Յու­նիս 15ին որ­դեգ­րեց լրա­ցու­ցիչ օ­րէնք՝ «Հ.Հ. պե­տա­կան Զի­նան­շա­նի մա­սին», ուր հե­տե­ւեալ նկա­րագ­րու­թիւ­նը եւ բա­ցատ­րու­թիւ­նը օ­րէն­քով ամ­րագ­րո­ւե­ցան.-

«Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շանն է` կենտ­րո­նում` վա­հա­նի վրայ պատ­կե­րո­ւած են Ա­րա­րատ լե­ռը` Նո­յեան տա­պա­նով եւ պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի թա­գա­ւո­րու­թիւն­նե­րից չոր­սի` վե­րե­ւից ձախ` Բագ­րա­տու­նի­նե­րի, վե­րե­ւից աջ` Ար­շա­կու­նի­նե­րի, ներ­քե­ւից ձախ` Ար­տա­շի­սեան­նե­րի, ներ­քե­ւից աջ` Ռու­բի­նեան­նե­րի զի­նանը­շան­նե­րը: Վա­հա­նը պա­հում են ար­ծի­ւը (ձա­խից) եւ ա­ռիւ­ծը (ա­ջից), իսկ վա­հա­նից ներ­քեւ պատ­կե­րո­ւած են սուր, ճիւղ, հաս­կե­րի խուրձ, շղթայ եւ ժա­պա­ւէն:

«­Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան զի­նան­շա­նի հիմ­նա­կան գոյնն է ոս­կե­գոյ­նը, պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի թա­գա­ւո­րու­թիւն­նե­րի­նը` վե­րե­ւից ձախ` կար­միր, վե­րե­ւից աջ` կա­պոյտ, ներ­քե­ւից ձախ` կա­պոյտ, ներ­քե­ւից աջ` կար­միր, եւ կենտ­րո­նում` վա­հա­նի վրայ պատ­կե­րո­ւած Ա­րա­րատ լե­ռը` նարն­ջա­գոյն: Ն­շո­ւած գոյ­նե­րը խորհր­դան­շում են Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան դրօ­շի գոյ­նե­րը»:

Ազ­գա­յին ու պատ­մա­կան այս­պի­սի՛ ա­ւանդ­նե­րու խտա­ցու­մը կը խորհր­դան­շեն վե­րան­կա­խա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Դ­րօ­շը, Օրհ­ներ­գը եւ Զի­նան­շա­նը, ո­րոնց նո­ւի­րո­ւած է Յու­նիս 15ի այս օ­րը տօ­նա­կա­տա­րո­ւող Հ.Հ. Պե­տա­կան Խորհր­դա­նիշ­նե­րու Օ­րը։

Այս ա­ռի­թով կ­’ար­ժէ թար­մաց­նել յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը՝ Հա­յոց Պե­տա­կան Դ­րօ­շի մտայ­ղաց­ման մա­սին Սի­մոն Վ­րա­ցեա­նի հե­տե­ւեալ վկա­յու­թեամբ.-

«­Հաս­տա­տո­ւեց Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին դրօ­շա­կը՝ հո­րի­զո­նա­կան կար­միր, կա­պոյտ ու նարն­ջի գոյ­նե­րով։ Դ­րօ­շա­կի ձե­ւի եւ գոյ­նե­րի շուրջ ե­ղան բա­ւա­կան եր­կար խորհըր­դակ­ցու­թիւն­ներ. ի նկա­տի առ­նո­ւե­ցին հա­յոց պատ­մա­կան դրօ­շակ­նե­րը, լսո­ւեց հայ­կա­բան Ստ. Մալ­խա­սեա­նի հիմ­նա­ւո­րո­ւած զե­կու­ցու­մը հայ­կա­կան դրօ­շա­կի մա­սին եւ, ի վեր­ջոյ, ո­րո­շո­ւեց ըն­դու­նել վե­րո­յի­շեալ ե­րեք գոյ­նե­րը՝ պայ­մա­նով, որ վերջ­նա­կան հաս­տա­տու­մը կա­տա­րո­ւի Սահ­մա­նա­դիր Ժո­ղո­վի կող­մից, որ պէտք է գու­մա­րո­ւէր Հա­յաս­տա­նի եր­կու հա­տո­ւած­նե­րի միա­ցու­մից յե­տոյ։

«Ի՞նչ բո­վան­դա­կու­թիւն կամ խոր­հուրդ էր դրւում այդ գոյ­նե­րի կամ դրօ­շա­կի ամ­բող­ջու­թեան մէջ։

«Ա­ռան­ձին պատ­գա­մա­ւոր­ներ ի­րենց մտքե­րում ու­նէին, ան­շուշտ, ո­րոշ բա­ցատ­րու­թիւն, ո­մանք ճա­ռով էլ ար­տա­յայ­տե­ցին, բայց Հա­յաս­տա­նի Խոր­հուր­դը այդ մա­սին ո­րե­ւէ ո­րո­շում չտո­ւեց եւ դրօ­շակն իր ամ­բող­ջու­թեան մէջ, գոյ­նե­րի ընտ­րու­թիւնն ու դա­սա­ւո­րու­թիւ­նը, ա­ւե­լի շուտ, ար­դիւնք էր քո­ւէար­կու­թեան պա­տա­հա­կա­նու­թեան։

«­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րի մի մա­սի կող­մից մաս­նա­ւոր ա­ռար­կու­թիւն էր լսւում – գլխա­ւո­րա­պէս գործ­նա­կան տե­սա­կէ­տից – նարն­ջա­գոյ­նի դէմ. Հա­յաս­տա­նում դժո­ւար էր այդ գոյ­նի կտոր գտնել։ Ա­ռա­ջարկ­ւում էր փո­խա­րէ­նը դնել կա­նաչ գոյն. ո­մանք փաստ էին բե­րում, որ կա­նա­չը մեր պատ­մա­կան գոյ­նե­րից մէկն է։ Բայց նարն­ջի գոյ­նը ա­ռանձ­նա­պէս պաշտ­պա­նում էր Քա­ջազ­նու­նին, որ ղե­կա­վար­ւում էր սոսկ գե­ղա­սի­րա­կան նկա­տում­նե­րով. կար­մի­րի, կա­պոյ­տի եւ նարն­ջա­գոյ­նի ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը դիւր էր գա­լիս նրա ճա­շա­կին։

«­Կա­յին, սա­կայն, հայ­կա­կան Ե­ռա­գոյ­նի մէջ եւ գա­ղա­փար ու խոր­հուրդ դնող­ներ։ Այդ գոյ­նե­րը, կար­ծես, բխում էին մեր կեան­քից, խորհր­դան­շում էին հայ պե­տա­կա­նու­թեան ծա­գումն ու ա­պա­գան։ Կար­մի­րը հայ ժո­ղովըր­դի թա­փած ա­րիւնն էր, կա­պոյ­տը՝ Հա­յաս­տա­նի կա­պոյտ եր­կին­քը եւ նարն­ջի կամ ոս­կու գոյ­նը՝ խտա­ցու­մը աշ­խա­տան­քի։ Հայ ժո­ղո­վուր­դը, որ ա­րիւ­նով էր ձեռք բե­րել իր ա­զա­տու­թիւ­նը, հայ­րե­նի կա­պոյտ երկն­քի տակ, իր համ­բա­ւա­ւոր աշ­խա­տա­սի­րու­թեամբ՝ պի­տի վե­րա­շի­նէր եր­կի­րը եւ ապ­րէր ա­զատ ու եր­ջա­նիկ…»։

Ն.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.