Սուրիահայ Երեխաներուն Համար Երկու Մանկապարտէզներ Եւս Պիտի Բացուին Երեւանի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի երկու դպրոցներու մէջ 1 Յունիսին բացումը կատարուեցաւ սուրիահայ երեխաներուն յատուկ մանկապարտէզներու: Ստեփան Շահումեանի անուան թիւ 1 եւ Ալեքսանդր Շիրվանզադէի անուան թիւ 21 դպրոցներուն մէջ յատուկ կրթարաններ բացուեցան «Սէյվ տը չիլտրըն» միջազգային կազմակերպութեան «Գաղթականներու ներուժի զարգացման եւ կենսամակարդակի բարելաւման ծրագիր»ի ծիրին մէջ:
«Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ծրագիրի համակարգող Իռեն Սարգսեան նշեց, որ ծրագիրին հիմնական խնդիրն է օգնել սուրիահայ երեխաներուն՝ կանուխ տարիքէն համարկուելու հասարակութեան մէջ, իսկ անոնց ծնողներուն՝ աշխատելու կարելիութիւն ունենալու:

«Սիրիահայ երեխաները այցելելով նախակրթարան՝ ինտեգրւում են միջավայրին՝ շփուելով իրենց հասակակիցների հետ, իսկ ծնողները կարողանում են ազատ ժամանակ ունենալ եւ աշխատանք գտնել ու աշխատել», յայտնած է Ի. Սարգսեան:

Նախակրթարան կրնան յաճախել 4-6 տարեկան երեխաները, իւրաքանչիւր նախակրթարան կրնայ ընդունիլ 30 երեխայ, կրթութիւնը անվճար է: Ծրագիրով նախատեսուած է Երեւանի մերձակայ մարզերուն մէջ եւս հիմնել նման կեդրոններ:

«Քանի որ մարզերուն մէջ մանկապարտէզներուն վիճակը այդքան ալ լաւ չէ, կը նախատեսենք երեխաներուն համար հիմնել մանուկներու կրթարաններ, ուր նախադպրոցականները կարելիութիւն պիտի ունենան տարրական գիտելիքներ սորվելու», «Նիուզ»ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսած է «Գաղթականներու ներուժի զարգացման եւ կենսամակարդակի բարելաւման ծրագիր»ի համակարգող Թամարա Պարպաքաձէ:

Սուրիահայ Հուրի Կիւլկիւլիճեան, որ իր 5ամեայ դուստրը՝ Լարիսա Նազարեանը արձանագրած է մանկապարտէզ, յայտնած է, որ արդէն երկու տարի է, որ բնակութիւն հաստատած է Երեւանի մէջ եւ շատ ուրախ է նման առիթի ստեղծման համար։ «Շատ կարեւոր է նման նախաձեռնութիւն մը, որովհետեւ երեխան դպրոց երթալէ առաջ այսպիսով առիթ կ՛ունենայ կապ հաստատելու իր տարեկիցներուն հետ, գրական հայերէնին ու Երեւանի խօսակցական լեզուին տիրապետելու: Շատ լաւ միտք է երեխաները զարգացնելու համար», յայտնած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.