Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ընթերցուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնը

Ապրիլ 3-ին կայացած Լաւալի քաղաքապետական խորհուրդի նիստի ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամ Արամ Էլակօզ ընթերցեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման յայտարարութիւնը։ Լաւալի քաղաքապետ Մարք Տեմէրսի նախագահութեամբ կայացած նիստին հիւրաբար ներկայ էին նաեւ Լաւալի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան անդամները։ Նշենք, որ Գանատայի Քեպէգ նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալը 1999-ին պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.