Քոնկրեսականներ Զսպուածութեան Կոչ Կ՛ընեն Էրտողանին


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Զաման.».- Քոնկրեսի Ամերիկա-Թուրքիա յարաբերութեանց համախմբումը, ինչպէս նաեւ Թուրք ամերիկացիներու համախմբումը քննադատած են Իսրայէլի հասցէին կատարուած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հրահրիչ յայտարարութիւնները՝ առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու կոչ ընելով անոր։
Անոնք շեշտած են, թէ հակասեմական նկատուող նման յայտարարութիւններ կը դժուարացնեն Թուրքիոյ շահերուն պաշտպանութիւնը։
Կազայի վրայ յարձակումին կապակցութեամբ, Էրտողան շարք մը հրահրիչ յայտարարութիւններ կատարած էր, նոյնիսկ՝ նացի Գերմանիոյ նմանցնելով Իսրայէլը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.