Նախագահ Սահակեան Ընդունած Է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի Գրասենեակի Պատասխանատուն
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 31 Յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեանը:
Հանդիպման ընթացքին Գասպար Կարապետեան Արցախի նախագահին ներկայացուցած է այս Հոկտեմբերին Եւրոպայի մէջ Արցախին նուիրուած միամսեակի ծիրին մէջ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին կողմէ նախատեսուող ծրագիրները:
Նախագահ Սահակեան իր գոհունակութիւնը յայտնած է ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակներուն միջոցով կատարուող աշխատանքներէն եւ յոյս յայտնած, որ Արցախի միամսեակի ծիրին մէջ կատարուելիք նախաձեռնութիւնները կը ծառայեն ակնկալուող նպատակներուն:
Արցախի նախագահը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ հարկ եղած աջակցութիւնը ցուցաբերելու՝ տուեալ նախաձեռնութիւններու եւ ծրագիրներու իրականացման համար:
Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը: