Գանատայի Ժառանգութեան նախարար Մելանի Ժոլի հարցազրոյց ունեցաւ «Հորիզոն»ի խմբագրութեան հետ
2459
0
Գանատայի Ժառանգութեան եւ մշակոյթի նախարար Մելանի Ժոլիի յատուկ հրաւէրով, Փետրուար 21-ին կայացաւ նախարարուհիին հետ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հարցազրոյցը։ Նախարարութեան Մոնթրէալի գրասենեակին մէջ կայացած հարցազրոյցի ընթացքին արծարծուեցան զանազան հարցեր, որոնց շարքին հայ-գանատական երկկողմանի յարաբերութիւններու, մշակութային համագործակցութեան եւ Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատուն հիմնելու հարցերը։ Հարցազրոյցը վարեցին «Հորիզոն»ի վարիչ խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ «Հորիզոն»ի անգլերէն-ֆրանսերէն բաժնի աշխատակից Տիանա Սքայա։ Հարցազրոյցը իր ամբողջութեան մէջ պիտի հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն։ Նշենք, որ 2017-ի Դեկտեմբեր 1-ին, «Հորիզոն»ի խմբագրութիւնը հարցազրոյց կատարած էր նաեւ Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաճճանի հետ։