Մոսուլէն փախստական 65 հայ ընտանիքներ կը փափաքին մշտական հաստատուիլ Հայաստան


Տէր Առաքել Գաս՚պարեան 

«Արցախփրէս» լրատուական գործակալութիւնը կը յայտնէ, թէ Իրաքի Մուսուլ քաղաքէն 65 հայ ընտանիք պատրաստ է ներգաղթելու եւ հաստատուելու Հայաստան։ Այս մասին Արցախփրէս»ին տեղեկութիւններ փոխանցած է լրագրող Համօ Մոսկոֆեան Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Էրպիլ քաղաքէն։

Յուլիսին Մուսուլի վրայ շղթայազերծուած իսլամ ծայրայեղական ահաբեկչական ISIS խմբաւորման  յարձակումի եւ դաժանութիւններու օրերուն, Մոսուլի հայ եկեղեցւոյ հոգևոր հովիւ, իրաքեան բանակի նախկին բժշկական սպայ Տէր Առաքել Գաս՚պարեան քաղաքի բռնագրաւումէն մի քանի ժամ առաջ 65 հայ ընտանիքներուն անվտանգ կը հեռացնէ Մուսուլէն եւ կը տեղաւորէ քրտական Էրպիլի, Տհոքի, Զախոյի, Ավզրուկի, Հավրէզի հայկական եկեղեցիներուն մէջ։

Այժմ, Տէր Առաքելի եւ մուսուլցի 65 գաղթական ընտանիքներուն փափաքն ու խնդրանքն է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կազմակերպեն Մուսուլի տեղահանուած եւ գաղթական դարձած ընտանիքներու հայրենադարձո.ւթիւնը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.