Նախագահ Բակօ Սահակեան հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերուն հետ Արցախի մէջ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մայիս 10-ին, Տիգրանակերտի հնագիտական թանգարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդին, տարածաշրջանային յանձնախումբերուն ու գրասենեակներուն ներկայացուցիչներուն հետ:
Լայնօրէն քննարկուած են Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, հայրենիք-սփիւռք կապերուն, Ապրիլ 2-5 Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողություններուն եւ անոնց հետեւանքներուն, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան արժեւորեր է ՀՅԴ Հայ դատի գործունէութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան, Արցախի հիմնախնդրի առարկայական ներկայացման եւ համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:
Բակօ Սահակեան ողջուներ է Արցախի մէջ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերուն եւ գրասենեակներուն համաժողովի իրագործումը՝ ընդգծելով միջոցառման իւրայատուկ կարեւորութիւնը: