Ճատրակ. Կարէն Գրիգորեան Տիտղոսակիր` Սպանիոյ Մէջ
949
0
Հայրենի կրանտմասթըր Կարէն Գրիգորեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցած «Քուիտատ Տը Մոսթոլես» արագ ճատրակի մրցաշարքին, գերսքանչելի եւ բացառիկ արդիւնք մը արձանագրելով դարձաւ տիտղոսակիր` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ:
Հայաստանէն այլ մասնակցող մը` կրանտմասթըր Կարէն Մովսիսեան, գրաւեց 4-րդ դիրքը, կը յայտնէ «Արմենփրես»:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 129 ճատրակ խաղացողներ, ներառեալ` 9 կրանտմասթըրներ եւ 8 միջազգային վարպետներ, 12 տարբեր երկիրներէ:
Այժմ Կարէն Գրիգորեան պիտի մեկնի Մոնթենեկրօ, ուր իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ «Սեթինժէ-2016» ճատրակի բաց մրցաշարքին: