Պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի սպա­ռա­զի­նու­թեան համար հաւաքուած է 3 միլիոն տոլար


 

Ղա­րա­բա­ղի փոխ-վար­չա­պետ Ար­թուր Ա­ղա­բե­կեան, «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, ը­սած է, որ այս մի­ջոց­նե­րը ամ­բող­ջո­վին պի­տի ուղղուին պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի սպա­ռա­զի­նու­թեան ար­դիա­կա­նաց­ման:

Ա­ղա­բե­կեա­նի խօս­քով՝ ի­րենք յոյս ու­նին, որ աշ­խար­հի հա­յե­րը ա­ւե­լին կրնան հա­ւա­քել, ուս­տի՝ դրա­մա­հա­ւա­քը պի­տի շա­րու­նա­կո­ւի: Դ­րա­մա­հա­ւա­քի ար­դիւնք­նե­րուն եւ փո­խան­ցո­ւած գու­մար­նե­րու չա­փին մա­սին տե­ղե­կա­տո­ւու­թիւն կա­րե­լի է ստա­նալ ­Ղա­րա­բա­ղի ե­լեւ­մուտ­քի նա­խա­րա­րու­թեան կայ­քէն: Ա­ղա­բե­կեա­նի խօս­քով` կը փոր­ձեն դրա­մա­հա­ւա­քը թա­փան­ցիկ ի­րա­կա­նաց­նել, բայց ծախ­սը չեն կրնար նոյն կեր­պով թա­փան­ցիկ ներ­կա­յաց­նել, ո­րով­հե­տեւ ար­դիա­կան սպա­ռա­զի­նու­թիւն պի­տի գնեն:

Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն հա­ւա­նա­կան է «թե­լե­թոն» ալ կազ­մա­կեր­պեն. փոխ-վար­չա­պե­տին խօս­քով՝ ե­թէ պէտք ըլ­լայ, գու­մար հա­ւա­քե­լու հա­մար բո­լոր մի­ջոց­նե­րուն պի­տի դի­մո­ւի, քա­նի որ պիւտ­ճէի մի­ջոց­նե­րը բա­ւա­րար չեն կրնար ըլ­լալ: ­Պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու սկիզ­բը ­Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ գոր­ծող շտապ ստեղ­ծո­ւած է: Ա­ղա­բե­կեան ը­սած է, թէ հա­մա­կար­գած են նաեւ կա­մա­ւո­րա­կան­նե­րու հար­ցը` զի­նո­ւած ու­ժե­րուն հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցա­բար:

Պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թեանց ըն­թաց­քին, ըստ ա­նոր, մեծ տե­ղա­հան­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն չէ ե­ղած, բա­ցի հիւ­սի­սի ­Թա­լիշ եւ ­Մա­տա­ղիս գիւ­ղե­րէն` սահ­մա­նա­գի­ծին մօտ ըլ­լալ­նուն պատ­ճա­ռով: ­Հիմ­նա­կա­նօ­րէն այս եր­կու գիւ­ղե­րը հրե­տա­կո­ծու­թե­նէն տու­ժե­ցին: Հ­րե­տա­կո­ծո­ւած են նաեւ ­Մար­տա­կերտ եւ ­Մար­տու­նի քա­ղաք­նե­րը, ինչ որ, Ա­ղա­բե­կեա­նի խօս­քով, անս­պա­սե­լի էր:

«­Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ար­դէն կը գնա­հա­տէ վնա­սը, որ­պէս­զի վե­րա­կանգն­ման աշ­խա­տանք­նե­րը սկսին»,- ը­սած է ան: ­Թա­լի­շի եւ ­Մա­տա­ղի­սի մէջ մեծ վնաս­ներ կրած է նաեւ ե­լեկտ­րա­մա­տա­կա­րար­ման հա­մա­կար­գը, ա­նի­կա ար­դէն մա­սամբ վե­րականգ­նուած է, յա­ռաջի­կայ օ­րե­րուն, ըստ փոխ-վար­չա­պե­տին, պի­տի փոր­ձեն տե­ղա­հա­նո­ւած բնա­կիչ­նե­րը վերստին տե­ղա­ւո­րել ի­րենց գիւ­ղե­րը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.