Պաշտպանութեան բանակի սպառազինութեան համար հաւաքուած է 3 միլիոն տոլար
Ղարաբաղի փոխ-վարչապետ Արթուր Աղաբեկեան, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ըսած է, որ այս միջոցները ամբողջովին պիտի ուղղուին պաշտպանութեան բանակի սպառազինութեան արդիականացման:
Աղաբեկեանի խօսքով՝ իրենք յոյս ունին, որ աշխարհի հայերը աւելին կրնան հաւաքել, ուստի՝ դրամահաւաքը պիտի շարունակուի: Դրամահաւաքի արդիւնքներուն եւ փոխանցուած գումարներու չափին մասին տեղեկատուութիւն կարելի է ստանալ Ղարաբաղի ելեւմուտքի նախարարութեան կայքէն: Աղաբեկեանի խօսքով` կը փորձեն դրամահաւաքը թափանցիկ իրականացնել, բայց ծախսը չեն կրնար նոյն կերպով թափանցիկ ներկայացնել, որովհետեւ արդիական սպառազինութիւն պիտի գնեն:
Յառաջիկայ օրերուն հաւանական է «թելեթոն» ալ կազմակերպեն. փոխ-վարչապետին խօսքով՝ եթէ պէտք ըլլայ, գումար հաւաքելու համար բոլոր միջոցներուն պիտի դիմուի, քանի որ պիւտճէի միջոցները բաւարար չեն կրնար ըլլալ: Պատերազմական գործողութիւններու սկիզբը Ղարաբաղի կառավարութեան մէջ գործող շտապ ստեղծուած է: Աղաբեկեան ըսած է, թէ համակարգած են նաեւ կամաւորականներու հարցը` զինուած ուժերուն հետ համագործակցաբար:
Պատերազմական գործողութեանց ընթացքին, ըստ անոր, մեծ տեղահանման անհրաժեշտութիւն չէ եղած, բացի հիւսիսի Թալիշ եւ Մատաղիս գիւղերէն` սահմանագիծին մօտ ըլլալնուն պատճառով: Հիմնականօրէն այս երկու գիւղերը հրետակոծութենէն տուժեցին: Հրետակոծուած են նաեւ Մարտակերտ եւ Մարտունի քաղաքները, ինչ որ, Աղաբեկեանի խօսքով, անսպասելի էր:
«Քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը արդէն կը գնահատէ վնասը, որպէսզի վերականգնման աշխատանքները սկսին»,- ըսած է ան: Թալիշի եւ Մատաղիսի մէջ մեծ վնասներ կրած է նաեւ ելեկտրամատակարարման համակարգը, անիկա արդէն մասամբ վերականգնուած է, յառաջիկայ օրերուն, ըստ փոխ-վարչապետին, պիտի փորձեն տեղահանուած բնակիչները վերստին տեղաւորել իրենց գիւղերը: