Սամուէլ Կարապետեան 1 միլիոն տոլար կը նուիրէ «Հայաստան» Հիմնադրամին


«Հա­յաս­տան» ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Հիմ­նադ­րա­մէն կը յայտ­նեն, որ ռու­սաս­տա­նաբնակ հայ գոր­ծա­րար ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեան, 13 ­Նո­յեմ­բե­րին, պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է 1 մի­լիոն տո­լար նուի­րե­լու «­­Հե­ռուս­տա­մա­րա­թոն 2015»ին, ո­րուն նպա­տակն է Ար­ցա­խի մէջ 5 եւ ա­ւե­լի ե­րե­խայ ու­նե­ցող ըն­տա­նիք­նե­րուն տուն տրա­մադ­րել: ­Բա­րե­րա­րին ա­ռա­տա­ձեռն նո­ւի­րա­տո­ւու­թեան շնոր­հիւ շուրջ 115 ե­րե­խայ կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ ապ­րե­լու բա­րե­կե­ցիկ պայ­ման­նե­րու մէջ:

«Ե­րախ­տա­պարտ ենք մեր բա­րե­կամ ­Սա­մո­ւէլ ­Կա­րա­պե­տեա­նին, ով տա­րի­ներ շա­րու­նակ սա­տա­րում է ­Հիմ­նադ­րա­մի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րին: ­Յոյ­սով եմ, շատ հա­յոր­դի­ներ կը հե­տե­ւեն նրա օ­րի­նա­կին»,- նշած է ­Հիմ­նադ­րա­մի գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Ա­րա ­Վար­դա­նեան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.