Սամուէլ Կարապետեան 1 միլիոն տոլար կը նուիրէ «Հայաստան» Հիմնադրամին
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ ռուսաստանաբնակ հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեան, 13 Նոյեմբերին, պատրաստակամութիւն յայտնած է 1 միլիոն տոլար նուիրելու «Հեռուստամարաթոն 2015»ին, որուն նպատակն է Արցախի մէջ 5 եւ աւելի երեխայ ունեցող ընտանիքներուն տուն տրամադրել: Բարերարին առատաձեռն նուիրատուութեան շնորհիւ շուրջ 115 երեխայ կարելիութիւն պիտի ունենայ ապրելու բարեկեցիկ պայմաններու մէջ:
«Երախտապարտ ենք մեր բարեկամ Սամուէլ Կարապետեանին, ով տարիներ շարունակ սատարում է Հիմնադրամի նախաձեռնութիւններին: Յոյսով եմ, շատ հայորդիներ կը հետեւեն նրա օրինակին»,- նշած է Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան: